Պատմութեան Շրջադարձը` Մայիս 28 Եւ Անոր Արժեհամակարգը Հիւսած Ստորոգելիները
ԱՐՄԷՆ ԹԱՇՃԵԱՆ
Մայիս 28-ի խորհուրդը խորաչափելու մեր ճիգին մէջ մեր առջեւ կը պարզուին պատմաքաղաքական կենարար արժեհամակարգ մը եւ այժմէականութիւն պահող թելադրական իրականութիւններ:
Ա) Մայիս 28-ը իր Սարդարապատի, Բաշ Ապարանի եւ Ղարաքիլիսէի ճակատամարտերով վճռական շրջադարձ մըն է կեանքէ մահ հայ ժողովուրդի զառիթափին:
Էական շրջադարձ մը, երբ հայ ժողովուրդի դահիճը իր գործած ցեղասպանութենէն երեք տարի ետք խոնարհեցաւ նոյն ժողովուրդի մնացորդացին վերապրումի սխրանքին առջեւ:
Սարդարապատի ճակատամարտին շուրջ 3500 զոհեր արձանագրելով` թրքական բանակը 15-20 քմ. խորութեամբ նահանջի կը դիմէր: Մէկ շաբաթ ետք, յունիս 4-ին, Պաթումի դաշնագիրով հայ ժողովուրդի դահիճը կը հանդիսանար առաջին պետութիւնը, որ կը ճանչնար Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութիւնը:
Պանծալի երեք ճակատամարտերով հայութեան խոյանքը` վերապրումի միահամուռ եւ համաժողովրդական իւրօրինակ պոռթկում մըն էր, որ հայոց պատմութիւնը յարատեւելու երթուղիին վրայ տեղադրեց:
Բ) Կիլիկիոյ Լուսինեան թագաւորութեան անկումով (1375), հինգ ու կէս դարերու ստրկութենէն ետք, հայ ժողովուրդը, թէկուզ` Ցեղասպանութեան եւ պատերազմի մոխիրներուն վրայ, վերջապէս կ՛ունենար իր «վարդահեղեղ արշալոյսը», մայիս 28-ի անկախութեան հռչակագիրով: Ազատութիւնն ու անկախութիւնը կը մարմնաւորուէր ազգային սեփական պետութեան մը կազմաւորումով:
Հինգ ու կէս դարու ստրկութիւնը ձեւախեղած էր հայ ժողովուրդին դիմագիծը. անոր ինքնութիւնը խաթարուած էր: Աւելի՛ն. ստրկութեան խաւարը արգելակած էր համայնական տեսլականի մը փնտռտուքը. սեւ ու մութ ամպերը հայոց երկնակամարին հորիզոնները վարագուրած էին: Հայ ժողովուրդը անդրօշ ու տարտղնուած հաւաքականութիւն մը կը պարզէր: Մայիս 28-ի փայլատակումով հայոց երկնակամարին ծածանեցաւ եռագոյնը. 5,5 դարերու ստրկացած ու մոլորած հայ հոգին վերջ մը դնելով իր սնամէջ դեգերումներուն` գտաւ իր դրօշը, կառչեցաւ անոր եւ անոր առաջնորդութեամբ պատմութեան մէջ ճշդեց իր հունը: Հոգեյեղափոխուած հայութեան համար` այլեւս անկորնչելի արժէքներ եղան վասն հայրենեաց թափած արիւնը, հայոց ջինջ երկնակամարը եւ այդ երկնակամարին տակ ստեղծագործ ու ժիր աշխատանքը: Ազգային անկախ պետականութեան մը գոյառումով հայ ժողովուրդը անշրջելի հնարաւորութիւնը կը ստեղծէր իր հաւաքական անհատականութիւնը ամրացնելու եւ ծաղկեցնելու:
Սեփական ճակատագիրը ինքնիշխանութեամբ տնօրինելու եւ պատմական հայրենիքի մէկ բեկորին վրայ սեփական պետութեամբ հայ ժողովուրդը` իբրեւ ազգ, կ՛ունենար իր երաշխաւորուած ու հարազատ աճելավայրը:
Գ) Մայիս 28-ով եւ անկէ ծնած Հայաստանի Հանրապետութեամբ կ՛ունենայինք հայացած Հայաստան եւ համահայկական պետականութիւն:
Հայկական բարձրաւանդակը դարերու ընթացքին, հայկական պետութեան մը բացակայութեան պայմաններուն տակ, այլանդակուած էր իր ժողովրդագրական պատկերով: Հայութիւնը իր բնօրրանին մէջ ջախջախիչ մեծամասնութենէն անցած էր համեմատական մեծամասնութեամբ ներկայութեան:
Նոյնն էր պարագան Հայաստանի նորանկախ հանրապետութեան տարածքին: Թուրք-թաթար բնակչութիւնը կ՛ընդդիմանար հայկական գերիշխանութեան, կը խոչընդոտէր հանրապետութեան ներքին հաղորդակցութիւնը եւ դեռ աւելի՛ն. զինեալ ապստամբութիւններով պարարտ հող կը պատրաստէր մերթ ազրպէյճանական, մերթ թրքական ներխուժումներու:
Պոլշեւիկեան խլրտումներու ջախջախումէն ետք (1920 մայիս), հայկական բանակը, արեւմտահայ գումարտակներով համալրուած, պատժական գործողութիւններով Սուրմալուի, Զանգիբասարի, Վեդիի եւ այլ շրջաններու մէջ կը չէզոքացնէր այդ վտանգը եւ արեւմտահայ գաղթականներ կը բնակեցուէին այդ շրջաններուն մէջ:
Այսպէս, հանրապետութեան սկզբնական շրջանի համեմատական հայ մեծամասնութեամբ Հայաստանը հետագային 87 առ հարիւր հայ մեծամասնութեամբ կը յանձնուէր խորհրդային մարզպանական վարչաձեւին:
– 1919 մայիս 28-ի Հայաստանի կառավարութեան «Ազատ, Անկախ եւ Միացեալ Հայաստան»-ի հռչակագիրով Հայաստանի խորհրդարանը կը համալրուէր արեւմտահայ 12 պատգամաւորներով: Ամբողջական հայութիւն մը ազգային պետութեամբ մը պարփակելու արդար յաւակնութիւնները այսպէ՛ս կը սկսէին մի ու ոսկոր ստանալու:
– Աւելի՛ն. հայահաւաքը ամրապնդելու ճամբուն վրայ, Հայաստանի Հանրապետութիւնը առաւել մը կ՛արձանագրէր 1920 յուլիս 5-ին, քաղաքացիութեան մասին ընդունուած օրէնքով. օրէնքին համաձայն, հայ քաղաքացի կը դառնային ոչ միայն հանրապետութեան տարածքին բնակող նախկին ռուսահպատակն ու թրքահպատակը, այլեւ` Արեւմտահայաստան, Արեւելահայաստան, Թուրքիա եւ Ռուսիա ծնած, բայց պայմաններու բերումով վերոնշեալ տարածքներէն դուրս ապրող հայութիւնը: Իսկ այս բոլորէն դուրս, օտարահպատակ հայուն կը շնորհուէր 5 տարուան ընթացքին քաղաքացիութիւն ձեռք ձգելու իրաւունքը:
– Օտար տիրակալութեանց տակ պաշտօնական եւ ժողովրդային մակարդակներով անճրկած էր նաեւ հայ ինքնութեան գլխագիր յատկանիշներէն եւս մէկը` հայոց լեզուն. ռուսախօսութիւնն ու թրքախօսութիւնը համատարած երեւոյթներ էին հայ կեանքէն ներս: Նորանկախ պետութիւնը ձեռնամուխ եղաւ նաեւ այս բացասական երեւոյթներու դէմ պայքարի ուղղութեամբ, երբ խորհրդարանը 1919 դեկտեմբեր 26-ի իր ընդունած օրէնքով հայերէնը պետական լեզու հռչակեց. նոյն օրէնքով 6 ամիս պայմանաժամ կը տրուէր բոլոր հաստատութիւններուն` հայերէնը իբրեւ պաշտօնական գործածական լեզու որդեգրելու:
Յատկապէս օրէնսդրական մարզին մէջ, կը կատարուէր թարգմանական հսկայական գործ: Պետութիւնը նոյնիսկ հայերէնի դասընթացքներ կազմակերպեց օտարախօս հայ պաշտօնեաներու համար:
Հանրապետութեան մէջ վեցամեայ տարրական կրթութիւնը պետական հովանիով պարտադիր կը դառնար:
1919-ի վերջը Հայաստանի մէջ կը գործէին 431 տարրական եւ 20 միջնակարգ դպրոցներ` 1300 ուսուցիչներով եւ 43,000 աշակերտներով:
16 մայիս 1919-ի որոշումով 1920 յունուար 21-ին, Ալեքսանդրապոլի մէջ կը հաստատուէր պետական համալսարան, որ յունիսին կը փոխադրուէր Երեւան:
Կը ստեղծուէր յուշարձաններու պաշտպանութեան պետական կոմիտէ` յատուկ աշխատակազմով, որ արձանագրելով Հայաստանի տարածքին գտնուող յուշարձանները եւ անոնց չափագրութիւնը` կը կազմէր Հայաստանի հնագիտական քարտէսը: Նոյն ատեն կը ստեղծուէր հնագիտական արշաւախումբ` ճարտարապետ Թորոս Թորամանեանի գլխաւորութեամբ, պեղելու Անիի աւերակները:
Որոշում կ՛ընդունուէր ազգագրական մարդաբանական թանգարան հաստատելու:
Հայ ինքնութեան ամրապնդման գործին, պետականակերտ մեր սերունդը ա՛յս բծախնդրութեամբ կը մօտենար հրատապ շարք մը օրակարգերու առկայութեան զուգահեռ:
Արտերկրի գաղթօճախները մեծ խանդավառութեամբ կը ներգրաւուէին պետաշինարարութեան գործին` նորանկախ պետութեան մէջ գտնելով համահայկական նկարագիր եւ կենսունակութիւն:
Արդարեւ, պետական քաջալերանքով եւ հովանաւորութեամբ սկիզբ կը դրուէր «Անկախութեան փոխառութեան» 20 միլիոն տոլարի վարկաւորման եւ ոսկիի ֆոնտերուն, որոնցմէ անջատ տարբեր միութիւններ եւ անհատներ բարերար գործեր կը ստանձնէին:
Այսպէս, աստիճանաբար պետաշինարարութիւնը կ՛ապահովէր բոլորանուէր եւ համահայկական մասնակցութիւն:
Դ) Հակառակ իր մանուկ հասակին եւ կարճատեւ կեանքին` մայիս 28-ով եռագոյն ծիածան հագած հանրապետութիւնը ժողովրդավարութեան հարուստ կենսափորձ մը փոխանցեց: Արդարեւ, Ազգային խորհուրդի ընդլայնուած կազմով (40+12 անդամ) եւ այնուհետեւ 1919 յունիս 21-23 կայացած ընտրութեամբ (80 պատգամաւոր) Հայաստանի խորհրդարանը ժողովրդավարական կենսակերպը որդեգրելու անկեղծ ճիգ մը կը մարմնաւորէր:
– Անկախ հանրապետութեան 4 կառավարութիւններէն երկուքը քոալիսիոն հիմունքով կը կազմաւորուէին (առաջին քոալիսիոն կառավարութիւնը կը կազմուէր ժողովրդական կուսակցութեան հետ, իսկ երկրորդը` Էս. Էռ.ներու հետ): Վարչաձեւը կ՛ընդունէր ժողովրդավար-բազմակուսակցական դրոյթ. պետական վարչամեքենային մէջ կը գործէին բոլորը (ՀՅԴ, Ժողովրդական, Հնչակեան, Էս. Էռ., Սոցիալ դեմոկրատ, պոլշեւիկ, մենշեւիկ…)
– Վարչական իմաստով Հայաստան բաժնուած էր 10 գաւառներու, որոնց վարչութիւնները ունէին լայն լիազօրութիւններ` վարչական ապակեդրոնացումի սկզբունքով: Կազմակերպուեցան նաեւ գաւառներու տեղական մարմիններու ընտրութիւններ 1919 եւ 1920 թուականներուն:
– Դատական համակարգը կը սաղմնաւորուէր տեղական հաշտարար դատարաններով, ինչպէս նաեւ` Կարսի, Ալեքսանդրապոլի եւ Երեւանի շրջանային դատարաններով. իսկ Երեւանի Դատաստանական պալատին կը վերապահուէր նաեւ վճռաբեկ ատեանի դերը: Հարուստ էր նաեւ հասարակական կեանքը: Հանրապետութեան մէջ կը գործէին 13 արհեստակցական միութիւններ, ինչպէս նաեւ` բազմաբնոյթ կազմակերպութիւններ:
– Հանրապետութիւնը ունէր նաեւ ազատ եւ այլազան մամուլ. կը հրապարակուէին տարբեր գունաւորումներով թերթեր եւ պարբերաթերթեր` «Աշխատանք», «Հայաստանի Աշխատաւոր», «Յառաջ», «Ժողովուրդ» (Ժողովրդական կուսակցութիւն) «Հայաստանի Ձայն» (Ռամկավար), «Կայծ» (մենշեւիկ), «Նոր Կեանք» (պոլշեւիկ)…
Անընդհատ պատերազմական վիճակներ դիմագրաւող մանուկ հանրապետութեան մը համար այսքան լայն ժողովրդավարութեան մը զգենումը կը քննադատուէր, որովհետեւ անիկա ոմանց կողմէ կը շահագործուէր, եւ բոլշեւիկները համարձակութիւնը կ՛ունենային բանակին մէջ դասալքութեան եւ ըմբոստութեան թռուցիկներ ցրուելու:
Ե) Խնամատար պետութեան մը տարրերը եւ ընկերային ուղղուածութիւնը նորանկախ հանրապետութեան նկարագրային յատկորոշիչ գիծերը կազմեցին:
Ցեղասպանութեան պատճառով հանրապետութեան տարածքը պատսպարած էր 300,000 գաղթական եւ 50,000 որբեր:
1918 հոկտեմբեր 11-ին ընդունուած օրէնքով պետութիւնը որբերու խնամատարութիւնը վերցուց իր վրայ. իսկ նոյն թուականի սեպտեմբերին որոշուեցաւ գաղթականութեան տրամադրել հողեր, ապահովել աշխատանք եւ յատկացնել պետական նպաստ:
1918 օգոստոսին հանրապետութիւնը յայտարարուեցաւ քոլերայով վտանգուած երկիր. պատերազմական կացութեան եւ արտաքին աշխարհին բացուող ուղիներու խափանման պատճառներով հոկտեմբերին հանրապետութեան հացահատիկի պաշարն ալ սպառեցաւ:
Համաճարակը (Քոլերա եւ բծաւոր տիֆ) դաշնակցած էր թշնամիին եւ անընդհատ զոհեր կը հնձէր. բծաւոր տիֆին զոհ դարձաւ նաեւ անկախութեան կերտիչ աննման Մանուկեան Արամը:
Թրքական ներխուժումներու պատճառով գաղթական դարձած ջաւախահայութեան հանդէպ տմարդի վերաբերում ցոյց կը տրուէր, եւ կ՛արգիլուէր Վրաստան ապաստանիլ, պատճառաբանելով անոնց վարակուած ըլլալը:
Սովին ու համաճարակին դէմ պայքարելու համար պետութիւնը միջոց չէր խնայեր. պատուիրակութիւն մը կ՛ուղարկուէր արտասահման` օժանդակութիւն ապահովելու, մինչ այդ կը հաստատուէին սննդատու կայաններ:
Մինչեւ օժանդակութեան ժամանումը եւ համաճարակի չէզոքացումը (1919 գարուն, մարտ), հայութիւնը տուած էր 180 հազար զոհ:
Պետութեան յատուկ հոգածութեան առարկան կը դառնար գիւղատնտեսութիւնը. կը ստեղծուէր սերմագնման պետական կոմիտէ մը, որ հացահատիկի, բամպակի, ծխախոտի եւ այլ սերմեր կը բաժնէր գիւղացիներուն: Կալուածատիրական հողեր կը պետականացուէին եւ կը վերաբաշխուէին գիւղացիութեան: Բերրի վարելահողեր ունենալու դիտաւորութեամբ, պետութիւնը յանձնառութեան տակ կը դնէր 70 հոգինոց աշխատակազմ մը` պատրաստելու համար ջրանցքներու եւ ոռոգման համակարգի մը նախագիծը:
– Տնտեսութեան համար ռազմավարական նշանակութիւն ունեցող Կարսի եւ Կաղզուանի աղահանքերը, ինչպէս նաեւ Օլթիի ածխահանքը կը պետականացուէին:
– 1920-ին Լոնտոն տպուած հայկական դրամը շրջառնութեան մէջ կը դրուէր, իսկ պիւտճէական բացը մեղմելու միջոցառումներէն մէկը կը հանդիսանար (1920 յունիս 15-ին) որդեգրուած եկամտային յառաջատուական տուրքը: Նախապէս նշած էինք, որ պետութիւնը կ՛որդեգրէր պարտադիր վեցամեայ տարրական ուսում` պետական հովանիի տակ:
Գործնականին մէջ ընկերվարական այս կիրարկումները պետութեան կու տային խնամատար եւ վերահսկիչ դերակատարութիւն. բան մը, որ մօտ երկու տասնամեակ ետք, Համաշխարհային Բ. պատերազմը կանխող տնտեսական մեծ ճգնաժամին, եւրոպական շարք մը պետութիւններ նոր կ՛որդեգրէին…
Զ) Մայիս 28-ով եւ Ա. հանրապետութեամբ հայ ժողովուրդը վերագտաւ իր ռազմունակութիւնը: Թէեւ հայկական յեղափոխութեան 30-ամեայ մաքառումները այս իմաստով աստիճանական որակ կը նուաճէին, այսուհանդերձ, մայիս 28-ով կազմաւորուած զինուժը պետական մակարդակի կշիռ ձեռք կը ձգէր, իբրեւ ազգային բանակ:
Ազգային բանակի գլխաւոր ճարտարապետը հանդիսացաւ սպարապետ զօր. Թովմաս Նազարբեկեան:
Հաստատուեցաւ պարտադիր զինուորական ծառայութիւն 20-25 տարեկան երիտասարդներու համար. այսպէս, ազգային բանակը կը հաշուէր մօտ 25 հազար զինուոր. սակայն ծանրակշիռ պահերու բանակը կը համալրուէր եւ կը հասնէր 40 հազարի: Բանակի սպայակոյտը ունէր բարձր որակաւորում:
Բանակը տարբեր զինատեսակներով սպառազինելու ուղղութեամբ շօշափելի քայլեր կ՛առնուէին, երբ Կարսի մէջ կը հաստատուէր ռազմական օդակայան` Ֆրանսայէն ստացուած առաջին օդանաւերով: Եգիպտահայ մեծահարուստներ ձեռնամուխ կ՛ըլլային իրենց նիւթական յատկացումով 40 օդանաւերէ բաղկացած ռազմական տորմիղի մը ստեղծումին…
1920 սեպտեմբերին Սեւանայ լիճին վրայ կը նաւարկէր «Աշոտ Երկաթ» ռազմանաւը:
Հակառակ իր բազմաճակատ զբաղուածութեան` հայկական բանակը 12 հազար քառ. քմ քառակուսի տարածութեամբ Հայաստանը 1920-ին ընդարձակեց շուրջ 70 հազար քառ. քիլոմեթր:
Ափսոս, սակայն, հետագային պոլշեւիկեան դասալքութեան եւ Թուրքերու հետ եղբայրութեան կոչերը կուրցուցին հայկական բանակի ռազմունակ ոգին…
Է) Մայիս 28-ով արեգակած Հայաստանի Հանրապետութիւնը, օտար պետութիւններու ձեռքերուն մէջ իբրեւ խաղաթուղթ շահարկուող, հայկական հարցը, իր յանձնառո՛ւ տիրութեամբ, կը վերածէր ազգային դատի:
Արդարեւ, 1919 մայիս 28-ի խորհրդարանի հանդիսաւոր նիստին Հայաստանի կառավարութիւնը կը հրապարակէր Ազատ, Անկախ եւ Միացեալ Հայաստանի հռչակագիրը` արձանագրելով, թէ` «Հայաստանի ամբողջութիւնը վերականգնելու եւ ժողովուրդի լիակատար ազատութիւնն ու բարգաւաճումը ապահովելու համար Հայաստանի կառավարութիւնը, համաձայն բովանդակ հայ ժողովուրդի միահամուռ կամքի ու ցանկութեան, կը յայտարարէ, որ այսօրուընէ Հայաստանի բաժան-բաժան մասերը մշտնջենապէս միացած են` իբրեւ անկախ պետական միութիւն»:
Այնուհետեւ, Հայաստանի Հանրապետութիւնը այս հռչակագիրը իրողական գետնի վրայ եւ արտաքին քաղաքական ճակատով փլաթֆորմի վերածեց:
Արդարեւ, առօրեայ ջանադրութեամբ եւ ի գին մեծ զոհողութեան հանրապետութեան տարածքը հնգապատկուեցաւ. Աւետիս Ահարոնեանի պատուիրակութիւնը 1920 օգոստոս 10-ի Սեւրի դաշնագիրով իր առջեւ դրուած քաղաքական առաջադրանքին մէջ յաջողեցաւ:
Պայմանագրի 6-րդ բաժնի 88-93 յօդուածներով Թուրքիան Հայաստանը կը ճանչնար իբրեւ ազատ ու անկախ պետութիւն. իսկ երկու պետութեանց սահմանագծումը կը յանձնուէր Միացեալ Նահանգներու նախագահ Վուտրօ Ուիլսընի իրաւարար վճիռին: Հայաստանի տարածքին համար, վճիռը հիմք պիտի ընդունէր սեւծովեան ելք եւ Վանի, Պիթլիսի, Էրզրումի եւ Տրապիզոնի նահանգային տարածքները: Նոյեմբեր 22-ին նախագահ Ուիլսըն հրապարակեց իր վճիռը, որուն համաձայն, նշեալ հիմքով Հայաստան կը ստանար 90 հազար քառ. քմ տարածք. այսպիսով` Արեւելահայաստանի հետ ամբողջական Հայաստանը կ՛ունենար 161,000 քառ. քմ տարածք:
Ծանօթ պայմաններու բերումով Սեւրի պայմանագիրը դժբախտաբար չիրագործուեցաւ. սակայն միջպետական այս պայմանագիրը Ա. հանրապետութեան կտակն է պահանջատէր հայութեան. անիկա Հայ Դատի իրաւացի եւ ամբողջական լուծման միջազգային ընտանիքի եւ թշնամի Թուրքիոյ յանձնառութեան փաստաթուղթն է, որմէ երբեք պէտք չէ զիջի Հայաստանն ու հայութիւնը:
* * *
Վերոնշեալ 7 պատմաքաղաքական իրականութիւններով եւ ստորոգելիներով մայիս 28-ը հայոց պատմութեան փաստացի շրջադարձը կը մնայ. պատմութեան մէջ անոր վերապահուեցաւ յեղափոխիչ դեր, երբ ան հայութեան ստոյգ մահը կեանքի վերածեց, անկումը` վերելքի՛:
Մայիս 28-ը ստրուկ եւ պարտուող հայութիւնը վերածեց ազատ եւ յաղթո՛ղ հայութեան, պետականազուրկը` պետականատէրի՛:
Մայիս 28-ով թրքահայն ու ռուսահայը եղան հա՛յ քաղաքացի, թրքախօսն ու ռուսախօսը` հայախօ՛ս:
Մայիս 28-ով գաղթական հայութիւնը կարեւոր չափով հայրենացաւ, իսկ համեմատական հայ մեծամասնութեամբ Հայաստանը վերածուեցաւ ջախջախի՛չ հայ մեծամասնութեամբ Հայաստանի:
Այսպէս կոչուած «Արարատեան Հանրապետութիւնը» վերածուեցաւ համա՜յն հայութեան պետութեան. իսկ ամենակարեւորը` պետութիւնը տիրութի՛ւն ըրաւ իր ազգային դատին եւ իր բոլոր կարելիութիւնները ի սպաս դրաւ անոր յաղթական ելքին. այսպէս` մայիս 28-ով, իբրեւ խաղաքարտ շահագործուող Հայկական Հարցը վերածուեցաւ սեփական անկախ պետութեամբ վարուող` հայ ազգայի՛ն դատի:
Իբրեւ հայութիւն` շատ ուսանելի դասեր ունինք մայիս 28-էն, մանաւանդ` վերանկախացած մեր պետութեան համար, յատկապէս երբ զուգակշիռ մը անցնելու ըլլանք վերջինին ու անցեալին միջեւ:
Ժողովրդավարութենէ մինչեւ տնտեսութիւն, ներազգային դաշտ, համահայկական բովանդակութիւն, ներուժի հաւաքագրում, քաղաքացիութիւն, արտաքին քաղաքականութիւն եւ մանաւանդ դատի տիրութիւն` շա՜տ մատնանշումներ ու վերանայումներ ունինք կատարելիք:
Սակայն տօնական այս պահուն չենք ուզեր անգամ մը եւս յուշարարութիւն ընել: Այդ մէկը ամէն օր կ՛ընենք եւ պիտի ընենք, այնքան ատեն որ վերանկախացած հանրապետութիւնը ազգային իր նկարագիրը ամբողջացնելու ճեղքեր ունի տակաւին…
* * *
Սակայն, ինչ որ այս պահուն մեզ զարմացնելով կ՛ընդվզեցնէ, այն պաղարիւն վիրաւորանքն է, որ կը գործուի մայիս 28-ի պատմաբարոյական պատուանդանին հանդէպ:
Երեւանի աւագանին ու քաղաքապետը կը մեղանչեն պատմութեան խղճմտանքին դէմ, երբ 28 մայիսի արեւը խափանող խորհրդային-համայնավար գործիչներէն Անաստաս Միկոյեանի արձանը տեղադրելու որոշում կը կայացնեն, ա՛յն ալ` մայրաքաղաքի կեդրոնական մէկ շրջանին մէջ…
Անաստաս Միկոյեան խորհրդային-համայնավար այն գործիչն էր, որ իբրեւ Ազրպէյճանի Կոմկուսի ղեկավար մարմինի անդամ` դաւեր հիւսեց Հայաստանի նորանկախ պետութեան դէմ. ան նաեւ ձեռնամուխ եղաւ Ղարաբաղն ու Նախիջեւանը «եղբայրական» Խորհրդային Ազրպէյճանի նուիրելուն եւ Հայաստանի մէջ մղիչ ուժը հանդիսացաւ 1936-ի ստալինեան բռնաճնշումներուն, որոնց զոհ գացին Քաջազնունին, Բակունցը, զօր. Արարատեանը, Չարենցը եւ շատ ուրիշներ:
Միկոյեան 1919-ին Լենինի իր ուղարկած զեկուցագիրին մէջ կ՛առաջարկէր. «Թուրքահայաստանի եւ առ հասարակ «մեծ, միացեալ եւ անկախ Հայաստան»-ի գաղափարը վնասակար, յանցաւոր եւ յետադիմական ցնորք է, որուն դէմ պէտք է պայքարի մեր կուսակցութիւնը»:
Այսպիսի հակազգային եւ ոճրագործ տիպարի մը արձանին տեղադրումը ամօթ է մեր ազգային արժանապատուութեան համար:
Ի՞նչ պիտի ըսեն մեզի անկախութեան մեր նահատակները…
Ի՞նչ պիտի ըսէ մեզի համայնավար քարոզչութեամբ իր կախարդուած զինուորները ինքնասպանութեամբ զգաստութեան հրաւիրած գնդապետ Մազմանեանը, որ չհանդուրժեց Կարսի անկումը երբեք:
Ի՞նչ պիտի ըսէ մեզի Երեւանի բանտին մէջ կացինահար սպաննուած Ասկերանի հերոս Համազասպ Սրուանձեանցը:
Ի՞նչ պիտի ըսեն մեզի անկախութեան անկումէն ետք անյայտ ուղղութեամբ աքսոր քշուած ազգային բանակի մեր 1200 սպաները:
Սարդարապատէն ինքզինք ճանչնալու կոչուած սերունդը, 88-ի ազգային զարթօնքի ալիքով հայութեան դիմագիծէն խորհրդային համայնավար մուրը սրբա՛ծ սերունդը պէտք չէ ընդունի եւ պիտի չընդունի այս ամօթն ու վիրաւորանքը:
Աւելի՛ն. այս սերունդը ամբողջական իրաւունքը ունի՛ Երեւանի սրտին տեսնելու յաղթահասակ կանգնած անկախութեան կերտիչ` աննման Մանուկեան Արամը…
30 մայիս, 2014

