Մերձաւոր Արեւելքի Նպաստամատոյցի Աննախընթաց Նպաստը Հայոց Ցեղասպանութեան Գաղթականներուն Եւ Որբաշխարհին

ԲԺԻՇԿ ԿԱՐՊԻՍ ՀԱՐՊՈՅԵԱՆ

Near-Easr-Relief-1

Ճէյմս. Լ. Պարթըն

Հայոց ցեղասպանութեան հարիւրամեակի սեմին պարտ կը զգամ երախտապարտութեան ոգիով անդրադառնալ Մերձաւոր Արեւելքի նպաստամատոյցին (ՄԱՆ) տարած մարդասիրական աննախընթաց եւ անսահման ծառայութիւններուն, որոնք հայ տարագիր ժողովուրդին եւ հայ որբաշխարհին տրամադրուեցան Հայոց ցեղասպանութեան ընթացքին եւ անկէ ետք:

Մերձաւոր Արեւելքի նպաստամատոյցը այն կազմակերպութիւնն է, որ կազմակերպուած է Համաշխարհային Ա. պատերազմի շրջանին եւ զինադադարի տասնամեակին: Ան եղած է այդ ժամանակաշրջանի մեծագոյն մարդասիրական ձեռնարկը, գործած է Միջին Արեւելքի, Պարսկաստանի, Եգիպտոսի եւ Հայաստանի մէջ` որպէս մարդասիրական կազմակերպութիւն: Մատուցած է մարդասիրական, կրթական եւ ընկերային մեծ ծառայութիւններ, անոր օգնութիւնը եղած է ուղղակի կամ անուղղակի:

ՄԱՆ-ի ծառայութիւնները հասած են աղէտեալ բազմաթիւ ժողովուրդներու, սակայն առաւելաբար` հայերուն:

ՄԱՆ-ի նախագահ Ճէյմս Լ. Պարթըն եղած է ՄԱՆ-ի ցկեանս նախագահը: Ան գրած է 450 էջերէ բաղկացած գիրք մը, որուն մէջ կ՛անդրադառնայ ՄԱՆ-ի ամբողջական գործունէութեան: Ճ. Պարթըն իր գիրքին մէջ ըսած է. «Մանկութեան կոչն էր, որ գրաւեց նուիրատու բարեկամներու սիրտը, ու զանոնք գուրգուրանքով կապուած պահեց ծնողազուրկ այդ սերունդին, մինչեւ որ գործը հասաւ իր լրումին: Ամերիկեան նպաստամատոյցի գործը պատմութիւնն է իտէալներու, որոնք Ամերիկայի կողմէ թարգմանուեցան իբրեւ անշահախնդրական ծառայութիւններ: Մերձաւոր Արեւելքի այս երկիրները` հարուստ իրենց պատմութեամբ, կրօնով, աւանդութիւններով, մեր համակրանքը արթնցուցին իրենց նեղութեանց մէջ, ու մեր երկրին տաք սիրտը առատաձեռնութեամբ պատասխանեց անոնց կոչին»:

Միացեալ Նահանգներու քաղաքական, զինուորական եւ մարդասիրական մարմինները 1915-էն շատ առաջ իրենց ուշադրութիւնը կեդրոնացուցած են Մերձաւոր Արեւելքի եւ մասնաւորաբար Թուրքիոյ փոքրամասնութիւններու խնդիրներուն եւ անցեալի ջարդերուն վրայ, երբ զոհ գացած էին 130,000 հայեր Կիլիկիոյ մէջ, նաեւ` 20,000 հայ որբեր ու այրիներ պատճառելով: Անոնք շատ լաւ գիտակցած են նաեւ իթթիհատական վարիչներու մտադրութիւններուն` Թուրքիոյ հայութեան ապագային առնչուող: Անոնք Թուրքիոյ հայկական գաւառներու մէջ արդէն հաստատած էին 20-է աւելի քոլեճներ եւ կրթական ու առողջապահական կեդրոններ, ուր կը գործէին 500-է աւելի ամերիկացի քաղաքացիներ, եւ որոնց համար տրամադրած էին միլիոնաւոր տոլարներ:

1915-ի ապրիլին հայ ժողովուրդի ընտրանիին մաս կազմող անձնաւորութիւններու զանգուածային ձերբակալութիւնները եւ հայ ժողովուրդին ջարդերն ու տեղահանութիւնը ահազանգի կը մատնեն ամերիկահայութիւնը, որ շուտով օգնութեան ձեռք կ՛երկարէ իր արենակից քոյրերուն եւ եղբայրներուն: Կը կազմուի «Հայ աղէտեալներու խնամատար մարմին» մը, որ կը կազմակերպէ հանգանակութիւն: Այս մարմինին իրենց աջակցութիւնը կը բերեն նաեւ ամերիկացի բարեկամներ, որոնց մէջ կ՛ըլլան յայտնի անձնաւորութիւններ եւ Ամերիկեան միսիոնարութեան հանրածանօթ դէմք տոքթ. Ճ. Լ. Պարթըն եւ մեծահարուստ ու մարդասէր Քլիվլենտ Հ. Տաճ: Երկուքը միասին կը հաղորդակցին Պոլսոյ մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Հենրի Մորկընթաուի հետ եւ կը կազմեն Հայկական աղէտեալներու քննիչ յանձնախումբ մը, որ վաւերական տեղեկութիւններ կը հաւաքէ եւ Ուաշինկթընի կեդրոնական կառավարութեան աջակցութեամբ կ՛արթնցնէ ամերիկեան հանրային կարծիքը: Պարթըն եւ Տաճ միասին կը գործեն եւ կ՛ապահովեն ամերիկեան մարդասիրական կազմակերպութիւններու, նախագահ Ուիլիըմ Թաֆթի, զանազան համայնքներու վարիչ կրօնապետներու եւ Եւրոպական նպաստից վարիչ Ֆրանքլին Ռուզվելթի գործակցութիւնը: 1915-ի ամրան դեսպան Հենրի Մորկընթաու կը հաղորդէ հայութեան կրած ահաւոր աղէտին մանրամասնութիւններուն մասին եւ Քլիվլենտ Տաճէն ու Պարթընէն կը խնդրէ շուտափոյթ կերպով նպաստի գումարներ ապահովել:

1915-ի սեպտեմբերին Ք. Տաճ շտապ ժողովի կը հրաւիրէ Մերձաւոր Արեւելքի անցուդարձերուն եւ Թուրքիոյ մէջ պատահած հայկական ջարդերուն քաջածանօթ պետական անձնաւորութիւններ, կրօնական եւ միսիոնարական պետեր, յայտնի քոլեճներու տնօրէններ եւ մեծ թիւով բարեսէր մարդիկ: Ժողովականները լսելէ ետք Ք. Տաճի զեկոյցը, կ՛որոշեն շուտով օգնութեան գումարներ հասցնել Մորկընթաուի: Կը կազմուի նպաստամատոյցի յանձնախումբ մը` նախագահութեամբ` Ճէյմս Լ. Պարթընի: Կազմակերպութիւնը նախ կ՛անուանուի «Հայ նպաստի յանձնաժողով», ապա կը կոչուի «Մերձաւոր Արեւելքի մէջ նպաստամատոյցի ամերիկեան յանձնաժողով»: 1919-ին ան կը վերանուանուի Մերձաւոր Արեւելքի նպաստամատոյց (ՄԱՆ) «Նիր իսթ ռիլիֆ» ամերիկեան Քոնկրեսին կողմէ, իսկ կազմակերպութեան լուծարքէն ետք` 1930-ին, կը կոչուի «Նիր իսթ ֆաունտէյշըն»:

Մոնրէալ
(Շար. 1)

Share this Article
CATEGORIES