«Պէյրութեան Արուեստի Յայտնաբերում» Թեմայով Հաւաքական Ցուցահանդէսին Առիթով. «Կը Փափաքիմ, Որ Ամէն Մարդ Հետաքրքրուի Արուեստով Եւ Իր Կեցուածքները Արտայայտէ Արուեստի Ճամբով» Ըսաւ Արուեստագէտ Էմմանուէլ Փոլ Կիրակոսեան

20140611_19050giragosianԿազմակերպութեամբ Էմմանուէլ Կիրակոսեանի եւ իր գործակիցներուն երէկ` չորեքշաբթի, 11 յունիս 2014-ի երեկոյեան ժամը 7:00-ին, բացումը կատարուեցաւ լիբանանցի արուեստագէտներու հաւաքական ցուցահանդէսին, «Էմմանուէլ Փոլ Կիրակոսեան թանգարան»-ին մէջ, Ժտէյտէ:

Ցուցահանդէսին ներկայ էին հայ եւ լիբանանցի արուեստագէտներ, հայ եւ օտար արուեստի սիրահարներ, բարեկամներ, մտաւորականներ, քննադատներ եւ արուեստով հետաքրքրուած երիտասարդներ: Հաւաքական այս ցուցահանդէսը, որ առաջին քայլն է «Պէյրութ Արթ Տիսքավըրի» («Պէյրութեան արուեստի յայտնաբերում») շարժումին, կը միտի ցուցադրել ծանօթ  արուեստագէտներու, գեղանկարիչներու, քանդակագործներու արուեստի գլուխ-գործոցները եւ միաժամանակ հանրութեան ծանօթացնել` արուեստի նշեալ ուղեգիծին հետեւելու կոչուած խոստմնալից արուեստագէտներու երիտասարդ սերունդը: Այս մասին «Ազդակ»-ի հետ զրոյցի մը ընթացքին Էմմանուէլ Կիրակոսեան յայտնեց, որ արուեստագէտները կը դիմեն իրեն, իրենց գործերը ներկայացնելով ու ինք կ՛ընտրէ անոնցմէ լաւագոյններն ու խոստմնալիցները, հանրութեան ծանօթացնելու միտումով: Այս առիթով արուեստի իր բարեկամներուն եւ «Ազդակ»-ի ընթերցողներուն ուղղելով իր խօսքը Էմմանուէլ Փոլ Կիրակոսեան ըսաւ. «Կը փափաքիմ, որ ամէն մարդ, անկախ թէ ինչ գործով կը զբաղի, հետաքրքրուի արուեստով ու իր կեցուածքներն ու տեսակէտները արտայայտէ արուեստի ճամբով»:

Յառաջիկայ անմիջական քայլերուն մասին հարցումի մը պատասխանելով Էմմանուէլ Կիրակոսեան յայտնեց, որ կը միտի այս եւ նման ցուցահանդէսներ կազմակերպել նաեւ արտերկրի մէջ, ինչպէս` Տուպայ, Քաթար եւ այլն: «Էմմանուէլ Փոլ Կիրակոսեան թանգարան»-ի  զանազան սրահներուն մէջ զետեղուած հարիւրաւոր արուեստի գործերը` գծագրութիւններ, քանդակներ թէ նկարներ, արգասիքն են ցուցահանդէսին մասնակից արուեստագէտներուն երկարատեւ ճիգերուն: Այդ արուեստագէտներուն շարքին են` Միսաք Թերզեան, Արտեմիս Թորոսեան,  Տաւիտ Տէր Եղիայեան, Ռոյ Ապելա, Շիրին Քըրոնֆոլ, Ալին Ֆաթթալ, Անտրէա Մաարաուի, Քորին Ֆաուազ, Մոնա Մասաատ,  Մարիամ Ղոպրիլ, Միրնա Մասուտ,  Մարիա Արիտա, Մահասեն Աժամ,  Մահա Աուն, Ժոաննա Ռաատ, Քաուսար Պիթար, Ժիհան Քորտահի-Քարամ, Հայսամ Ժապպար, Ժատ Մուաքքետ, Տամոն Ղաուի, Տէյզի Ժազզար եւ ուրիշներ:

Ցուցահանդէսը կը շարունակուի մինչեւ 15 յունիս` նշեալ թանգարանին մէջ:

 

 

Share this Article
CATEGORIES