Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց Միացեալ Նահանգներու Դեսպանը

Հէյլ եւ Արամ Ա. կաթողիկոս

Հէյլ եւ Արամ Ա. կաթողիկոս

Չորեքշաբթի, 11 յունիս 2014-ի առաւօտուն, Արամ Ա. կաթողիկոս իր գրասենեակին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Տէյվիտ Հէյլը:

Հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան ընդհանրապէս Միջին Արեւելքին եւ յատկապէս Սուրիոյ ու Լիբանանին առնչուած հարցեր:

Վեհափառ հայրապետը տեղեակ պահեց դեսպանը Վատիկանի մէջ այս ուղղութեամբ իր ունեցած խորհրդակցութիւններուն մասին: Դեսպանը իր կարգին վեհափառ հայրապետին պարզեց Սուրիոյ եւ Լիբանանի դիմագրաւած հարցերուն գծով Միացեալ Նահանգներու մտահոգութիւնն ու տեսակէտը:

Share this Article
CATEGORIES