Միացեալ Նահանգներ Կը Պատրաստուին Մասնայատուկ Ուժերը Մշտապէս Արեւելեան Եւրոպայի Մէջ Պահելու

1106Special-ForcesKorrespondent.net կայքը կը գրէ, որ ամերիկեան մասնայատուկ ուժերը յառաջիկայ տարիներուն մշտապէս պիտի գտնուին ՕԹԱՆ-ի անդամ արեւելեան եւրոպական երկիրներու տարածքին մէջ, որպէսզի նմանատիպ ստորաբաժանումներ ստեղծելու օգնեն անոնց:

Միացեալ Նահանգներու զինեալ ուժերու եւրոպական հրամանատարութիւնը երեքշաբթի օր յայտնած էր, որ այդ որոշումը թելադրուած է Ուքրանիոյ ճգնաժամին հետ կապուած Արեւելեան Եւրոպայի մէջ դաշնակիցներուն յաւելեալ աջակցութիւն ցուցաբերելու անհրաժեշտութեամբ:

Անցեալ ամսուան վերջաւորութենէն ի վեր ամերիկեան մասնայատուկ ուժեր կը մասնակցին Լեհաստանի, Սլովաքիոյ եւ Պալթեան երկիրներու տարածքին կատարուած ռազմափորձերուն: Կ՛ակնկալուի, որ Միացեալ Նահանգներու ընտրանի զօրամասերու եւ ՕԹԱՆ-ի միւս երկիրներու միացեալ ռազմափորձերուն թիւն ու տարողութիւնը աւելնան:

Միեւնոյն ժամանակ, ինչպէս «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութեան յայտնած է Եւրոպական հրամանատարութեան ներկայացուցիչներէն մէկը, Միացեալ Նահանգներու մասնայատուկ ուժերու ընդհանուր թիւը, որ մշտապէս պիտի գտնուի Արեւելեան Եւրոպայի մէջ, պիտի չգերազանցէ 100-ը:

 

 

Share this Article
CATEGORIES