«Պրազիլը Պատրաստ Է Ֆութպոլի Աշխարհի Ախոյեանութեան» Կ՛ըսէ Ռուսեֆ

Տիլմա Ռուսեֆ

Տիլմա Ռուսեֆ

Gazeta.ru կը հաղորդէ, որ Պրազիլի նախագահ Տիլմա Ռուսեֆ յայտարարած է, որ Պրազիլը ամբողջովին պատրաստ է 2014-ի ֆութպոլի աշխարհի ախոյեանութեան, որ տեղի պիտի ունենայ 12 յունիսէն մինչեւ 13 յուլիս:

«Պրազիլը պատրաստ է աշխարհի ախոյեանութեան սկզբնաւորութեան: Պրազիլը, ինչպէս Յիսուս Քրիստոսը (Ռիօ տէ Ժանէյրոյի արձանը. «Ա.»), իր գիրկը բացած է` ողջունելու համար իր երկիր ժամանած բոլոր երկրպագուները», ըսած է նախագահը:

Աշխարհի ախոյեանութեան բացման խաղը, որուն ընթացքին պիտի մրցին Խրուաթիան եւ Պրազիլը, տեղի պիտի ունենայ այսօր:

ՖԻՖԱ-ի քանի մը ներկայացուցիչներ անանունութեան պայմանով օրեր առաջ յայտարարած էին, որ Պրազիլը պատրաստ չէ հիւրընկալելու 2014-ի աշխարհի ախոյեանութիւնը: Անոնք նշած էին, որ կարելի չէ տրամադրել անվտանգութեան նուազագոյն երաշխիքներ, ինչպէս նաեւ որոշ մարզադաշտեր տակաւին չեն անցուցած ամբողջական ծանրաբեռնուածութեան փորձարկումներ: ՖԻՖԱ-ի անդամներուն կարծիքով` մեծ խնդիր կրնան յառաջացնել նաեւ հաւանական գործադուլները, մասնաւորաբար` փոխադրամիջոցներու համակարգի աշխատակիցներու գործադուլները:

Share this Article
CATEGORIES