Իսրայէլի Նախագահ Ընտրուած Է Ռովեն Ռիվլին

Ռովեն Ռիվլին

Ռովեն Ռիվլին

Իսրայէլի նախագահական ընտրութիւններուն երկրորդ հանգրուանին  յաջողութիւն արձանագրեց «Լիքուտ» կուսակցութեան երեսփոխան, Քնեսեթի նախկին նախագահ Ռովեն Ռիվլինը:

Իսրայէլ խորհրդարանական հանրապետութիւն է, անոր օրէնքին հիմամբ խորհրդարանն է, որ կ՛ընտրէ երկրին նախագահը:

«Ճերուզալեմ Փոսթ» կը հաղորդէ, որ Ռիվլինի թեկնածութեան  ի նպաստ քուէարկած են 63 երեսփոխաններ, իսկ անոր մրցակից` Մէյիր Շիթրիթը ստացած է 53 ձայն:

Այսպիսով, յուլիսին կ՛աւարտի Շիմոն Փերեսի նախագահութեան 7-ամեայ ժամկէտը եւ Ռիվլին կը դառնայ Իսրայէլի տասներորդ նախագահը:

Նշենք, որ թէ՛ խորհրդարանի նախագահ եւ թէ՛ անպաշտօն  երեսփոխան եղած տարիներուն Ռիվլին բազմիցս  արտայայտուած է Իսրայէլի կողմէ Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչնալու օգտին: Մասնաւորապէս, այս տարուան մայիսին`  Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման հարցով իր կատարած մէկ յայտարարութեան ընթացքին ան ըսած է. «Դժուար է ներել մեր ողբերգութիւնը անտեսած ազգերուն, եւ չենք կրնար անտեսել միւս ազգերուն ողբերգութիւնը: Իբրեւ մարդ եւ իբրեւ հրեայ` ասիկա մեր բարոյական պարտքն է»:

Share this Article
CATEGORIES