Եւրոպական Միութեան Հետ Ընկերակցութեան Համաձայնագիրի Ստորագրումէն Ետք Ռուսիա Կրնայ Արտաքսել Մոլտաւիացիները
«Էխօ Մոսքվի» ձայնասփիւռի կայանը կը հաղորդէ, որ Մոլտաւիա-Ռուսիա տնտեսական յարաբերութիւնները վերատեսութեան պիտի ենթարկուին, եթէ Քիշնեւ ստորագրէ Եւրոպական Միութեան հետ Ընկերակցութեան համաձայնագիրը:
Աղբիւրը կը նշէ, որ մասնաւորաբար Ռուսիայէն կրնան արտաքսել Մոլտաւիոյ քաղաքացիները:
Ռուսիոյ մէջ աշխատող մոլտաւիացիներու կարգավիճակը վերատեսութեան ենթարկելու մասին խօսուած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց փոխնախարար Կրիկորի Քարասինի եւ Մոլտաւիոյ վարչապետ Եուրիէ Լիանքէի հանդիպումին ընթացքին, սակայն պաշտօնապէս այդ մասին չէ յայտարարուած:
Սակայն, ըստ Մոլտաւիոյ ընկերվար-ժողովրդավարներուն, համաձայնագիրի ստորագրումէն ետք Ռուսիան պիտի արտաքսէ 267 հազար քաղաքացիներ, որոնք խնդիրներ ունին ոստիկանութեան հետ: Մնացեալին` շուրջ 700 հազար հոգիի պիտի առաջարկեն կա՛մ լքել Ռուսիան, կա՛մ դիւրացուած կարգով ստանալ Ռուսիոյ քաղաքացիութիւն:
Կը նախատեսուի նաեւ, որ նոր քայլերու եւ հարկերու միջոցով Ռուսիան գրեթէ փակէ իր շուկան Մոլտաւիոյ դիմաց:
Մոլտաւիա-Եւրոպական Միութիւն համաձայնագիրի ստորագրումը նախատեսուած է 27 յունիսին:

