ՍՈՉԻԻ ՄԷՋ ՕՀԱՆԵԱՆ ԿԸ ՄԱՍՆԱԿՑԻ ԱՊՀ ԵՐԿԻՐՆԵՐՈՒ ՊԱՇՏՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ՆԱԽԱՐԱՐՆԵՐՈՒ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻ ՆԻՍՏԻՆ
Հայաստանի պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեան երէկ մեկնեցաւ Սոչի` մասնակցելու ԱՊՀ-ի անդամ պետութիւններու պաշտպանութեան նախարարներու խորհուրդի նիստին:
Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան տեղեկատուութեան եւ հասարակութեան հետ կապերու վարչութիւնը հաղորդեց, որ այցելութեան ընթացքին նախատեսուած են նաեւ Սէյրան Օհանեանի հանդիպումները Ռուսիոյ եւ Ուքրանիոյ պաշտպանութեան նախարարներուն հետ:
CATEGORIES Հայկական

