ՎԱՏԻԿԱՆ ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ՎԵՐԱԲԵՐԵԱԼ ԻՐ ԳԱՂՏՆԻ ԱՐԽԻՒՆԵՐԸ ՊԻՏԻ ՀՐԱՊԱՐԱԿԷ

Սերճիօ Փականօ եպիսկոպոս

Թրքական «Հիւրրիյէթ» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ Վատիկանի արխիւներու պատասխանատու Սերճիօ Փականօ եպիսկոպոս յայտարարած է, որ Վատիկան կը պատրաստուի իր գաղտնի արխիւները բանալու:

Ան յայտնած է, որ 8-րդէն մինչեւ 20-րդ դարու երկրորդ կիսուն վերաբերող գաղտնի արխիւները պիտի բացուին փետրուար 2012-ին եւ պիտի ցուցադրուին «Լուքս ին Արքանա» ցուցահանդէսին մէջ:

Գերապայծառ Փականօ նշած է, որ հրապարակուելիք արխիւներուն մէջ գոյութիւն ունին փաստաթուղթեր Օսմանեան կայսրութեան կողմէ 20-րդ դարու սկիզբը հայերուն դէմ գործադրուած ցեղասպանութեան մասին:

«Հայոց ցեղասպանութեան վերաբերեալ փաստաթուղթերուն մէջ ներկայացուած են թուրք զինուորներու դաժան բռնութիւնները, որոնք ուղղակի անմարդկային են», ըսած է Վատիկանի արխիւներուն պատասխանատուն:

 

Share this Article
CATEGORIES