ԼԱՒՐՈՎ ՄԵՏՎԵՏԵՒԻ ՈՒՂԵՐՁԸ ԵՐԵՒԱՆ ԵՒ ՊԱՔՈ՞Ւ ՊԻՏԻ ՏԱՆԻ

Սերկէյ Լաւրով

Դիւանագիտական աղբիւրներ ազրպէյճանական «ՍալամՆիուզ»ին կը յայտնեն, որ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով 8 յուլիսին կարճատեւ այցելութեամբ մը պիտի մեկնի Ազրպէյճան, ուր հանդիպում պիտի ունենայ Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ եւ անոր պիտի փոխանցէ Ռուսիոյ նախագահ Տմիթրի Մետվետեւի` ղարաբաղեան տագնապի լուծման առնչութեամբ ուղերձը:

Ըստ ազրպէյճանական լրատուամիջոցին, Ռուսիոյ նախագահի ուղերձը հասցէագրուած է հայկական եւ ազրպէյճանական կողմերուն, եւ Լաւրով Պաքուէն ետք Երեւան պիտի այցելէ:

Միւս կողմէ, ազրպէյճանական լրատուամիջոցները կը հաղորդեն, որ Ռուսիոյ մէջ Ազրպէյճանի դեսպան Փոլատ Պիւլպիւլօղլու յայտարարած է, որ Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Էլմար Մամետեարով ղարաբաղեան հիմնախնդիրը քննարկելու համար Մոսկուա պիտի մեկնի: Դեսպանը նշած է, որ Մամետեարովի Մոսկուա այցելութիւնը տեղի պիտի ունենայ Լաւրովի Պաքու այցելութենէն անմիջապէս ետք:

 

Share this Article
CATEGORIES