ԱՐՑԱԽ. ԽՈՐՀՐԴԱԿՑՈՒԹԻՒՆ` ԱՐՑԱԽԻ ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ ՀՌՉԱԿՄԱՆ 20-ԱՄԵԱԿԻ ՏՕՆԱԿԱՏԱՐՈՒԹԵԱՆՑ ԿԱԶՄԱԿԵՐՊՄԱՆ ՇՈՒՐՋ
Նախանցեալ օր Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան հրաւիրեց աշխատանքային խորհրդակցութիւն մը` Արցախի Հանրապետութեան հռչակման 20-ամեակի տարեդարձի տօնակատարութեան կազմակերպման եւ համակարգման պետական յանձնախումբի անդամներուն մասնակցութեամբ:
Խորհրդակցութեան ընթացքին քննարկուեցան Արցախի մէջ տօնական ձեռնարկներու նախապատրաստման եւ կայացման հետ կապուած հարցեր:
Նախագահ Սահակեան յանձնախումբի անդամներուն յանձնարարեց ձեռնարկել բոլոր անհրաժեշտ միջոցները` նախատեսուած նախաձեռնութիւնները հաստատուած ծրագիրին համապատասխան կազմակերպելու եւ կայացնելու ուղղութեամբ:
CATEGORIES Հայկական


