Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
ՍՈՒՐԻՈՅ նախագահ Պաշշար Ասատ շեշտեց, որ իրենք կը փափաքին, որ Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աուն հանրապետութեան նախագահ ընտրուի, որովհետեւ անոր հայրենասիրութիւնը պիտի ծառայէ Լիբանանի շահերուն:
ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի երեսփոխան Նեպիլ Նիքոլա յայտնեց, որ կրթութեան նախարար Էլիաս Պու Սաապ խզած է այն սովորութիւնը, որուն համաձայն մարդիկ իրենց իրաւունքները ստանալու համար այլոց աշխատանքները կը խանգարեն:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Ռիատ Ռահհալ յայտնեց, որ հանրապետութեան նախագահին բացակայութեան պէտք չէ օրէնսդրական աշխատանք կատարել, որովհետեւ առաջնահերթութիւնը պէտք է ըլլայ հանրապետութեան նախագահի ընտրութիւնը:
ՃԱՐՏԱՐԱՐՈՒԵՍՏԻ նախարար Հիւսէյն Հաժ Հասան յայտնեց, որ ճարտարարուեստի մարզի սեփականատէրերէն բարձրորակ արտադրութիւն կը պահանջուի, որպէսզի կարելի ըլլայ լիբանանեան գործարաններուն արդիւնաբերութիւնը այլ երկիրներու մէջ վաճառել:
ՍՈՒՐԻ միւֆթի շէյխ Հասան Ապտալլա շեշտեց, որ ամբողջ շրջանը պիտի կրէ ՏԱՀԵՇ-ի վնասները:
ՄԱՐՏ 14-ի քաղաքական ուժերուն ընդհանուր քարտուղարութիւնը երէկուան իր նիստին ընթացքին հաստատեց նախագահական ընտրութիւնը արագ կերպով կատարելու անհրաժեշտութիւնը` պահպանելու համար երկրին պետական հաստատութիւնները:
ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ նախկին փոխնախագահ Էլի Ֆըրզլի յայտնեց, որ Լիբանանի սահմանադրութիւնը յստակ է, սակայն երկրին քաղաքական իշխանութեան միտքն է, որ այլանդակուած է:
ԱՇԽԱՏԱՆՔԻ նախարար Սըժաան Քազզի կոչ ուղղեց Սենտիքայական համակարգումի խորհուրդին` հեռու մնալու քաղաքական ենթահող ունեցող շարժումներէն:
ՓԱՂԱՆԳԱՒՈՐ կուսակցութեան երեսփոխան Էլի Մարունի յայտնեց, որ Լիբանանի ներքին համայնքային կացութիւնը մեզի կը պարտադրէ ընտրել «լիբանանեան արտադրութիւն» նկատուող հանրապետութեան նախագահ մը:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Ղազի Եուսեֆ շեշտեց, որ ելեւմուտքի նախարարը կը դանդաղեցնէ, փախուստ կու տայ եւ աշխատավարձի յաւելումներուն գումարներուն հետ կը խաղայ:
ՄՇԱԿՈՅԹԻ նախարար Ռոնի Արայժի շեշտեց, որ անհրաժեշտ է հասնիլ արտակարգ հանգրուանի ելքին, որպէսզի կարելի ըլլայ արտակարգ լուծում մը տրամադրել:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Ամմար Հուրի նշեց, որ նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրի իր ձեռքը երկարած է բոլորին հետ գործակցելու` աւելցնելով, որ քաղաքական տարազին մէջ Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթի ներկայութիւնը հիմնական է: Ան շեշտեց, որ անհրաժեշտ է երաշխաւորել աշխատավարձերու յաւելումներուն եւ զանոնք ֆինանսաւորող աղբիւրներուն հաւասարակշռութիւնը:
ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի երեսփոխան Ֆարիտ Խազեն մերժեց նախագահական ընտրութեան խորհրդարանի նիստերուն մասնակցութեան պոյքոթի ենթարկումը առնչել ուսուցիչներու եւ պետական պաշտօնեաներու յատուկ աշխատավարձի յաւելումներուն նիստերուն պոյքոթի ենթարկումին:
ՍԷՈՒՏԱԿԱՆ «Օքազ» օրաթերթին համաձայն, լիբանանցի ժողովուրդին իրաւունքն է հանգիստ ապրիլ եւ երկրին ապահովական կայունութիւնը վայելել` հանրապետութեան նախագահին ներկայութեամբ:
«ՏԻԱՐ» օրաթերթին համաձայն, մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը կը մղէ պայքար մը, որուն համաձայն նախագահական աթոռի թափուր մնալուն պարագային երկրին մէջ ո՛չ օրէնսդրութիւն եւ ո՛չ ալ գործադիր իշխանութիւն պէտք է ըլլայ:
ՄԱՐՏ 14-ի քաղաքական ուժերու քրիստոնեայ հեղինակութեան մը համաձայն, Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աուն Հըզպալլայի եւ Մուսթաքպալի շուրջ կը դառնայ` Պաապտայի պալատ հասնելու համար:
«ՇԱՐՔ ԱՈՒՍԱԹ» օրաթերթին համաձայն, Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան յատուկ աղբիւրներ նշած են, որ նախագահական ընտրութեան առումով Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթի կեցուածքները շինիչ չեն:
ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի անդամ Եասին Ժապեր շեշտեց, որ նախագահական աթոռի թափուր մնալուն կողքին կարելի չէ նաեւ երեսփոխանական ընտրութիւններէն հրաժարիլ:
ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի երեսփոխան Ալեն Աուն նշեց, որ երեսփոխանական ընտրութիւններ կատարելուն եւ խորհրդարանի պաշտօնավարութեան նստաշրջանը երկարաձգելուն միջեւ իրենք կ՛ընտրեն առաջինը:
ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան երեսփոխան Անթուան Զահրա շեշտեց, որ իրենք կտրականապէս կը մերժեն խորհրդարանի պաշտօնավարութեան երկարաձգումը:
ՔՈՒԷՅԹԵԱՆ «Անպա» օրաթերթին համաձայն, երկրին մէջ կը տիրէ քրիստոնէական ուղղուածութիւն մը` խորհրդարանական ոչ մէկ նիստի մասնակցելու, բացի նախագահի ընտրութեան նիստէն:

