Պասիլ. «Լիբանանի Գոյութիւնը Սպառնալիքի Տակ Կը Գտնուի»
Արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարար Ժըպրան Պասիլ երէկ Աթէնքի մէջ մասնակցեցաւ Եւրոպական Միութեան անդամ երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներուն ու անոնց արաբ պաշտօնակիցներուն Գ. ընդհանուր ժողովին:
Իր արտասանած խօսքին մէջ Պասիլ նշեց, որ վերջին տարիներուն ընթացքին Եւրոպական Միութիւնը Լիբանանի առեւտրական առաջին բարեկամը եղած է` աւելցնելով, որ Լիբանանի կառավարութիւնը վերջերս վաւերացուցած է Եւրոպական Միութեան հետ գործակցութեան եռամեայ աշխատանքային ծրագիր մը, որ կը դրսեւորէ Լիբանանի յանձնառութիւնը` անոր յարաբերութիւններուն զարգացման շրջագիծին մէջ:
Պասիլ ներկայացուց նաեւ Լիբանանի մէջ ներկայիս տիրող իրավիճակը, այսինքն` սուրիացի գաղթականներուն Լիբանան ժամանումէն ետք:
Ան հաստատեց, որ վերջին տարիներուն ընթացքին արձանագրուած փոփոխութիւնները Լիբանանի եւ անոր տնտեսութեան վրայ ժխտական ազդեցութիւն ունեցան:
Պասիլ յայտնեց, որ Լիբանանի ներկայ տնտեսական եւ ժողովրդագրական քարտէսը ահաւոր ձեւով փոփոխութեան ենթարկուած է, այնքան մը, որ անիկա Լիբանանի գոյութիւնը սպառնալիքի տակ կ՛առնէ:

