Վարչապետ Սալամ Կը Շեշտէ Կառավարութիւնը Նիստի Հրաւիրելու Իր Իրաւունքը
Վարչապետ Թամմամ Սալամ երէկ հարցազրոյցի մը ընթացքին իր լաւատեսութիւնը յայտնեց այսօր գումարուելիք կառավարութեան ժողովին առումով` նշելով, որ այս իմաստով կատարուած հաղորդակցութիւնները դրական են:
Վարչապետ Սալամ շեշտեց, որ ինք միակն է, որ ամբողջական իրաւասութիւն ունի կառավարութիւնը նիստի հրաւիրելու:
Անդրադառնալով Եգիպտոսի նախագահ Ապտել Ֆաթթահ Սիսիի երդման արարողութեան Լիբանանի մասնակցութեան, վարչապետ Սալամ նշեց, որ ինք խնդրած է փոխվարչապետ Սամիր Մուքպելէն ուղղուիլ Գահիրէ, որպէսզի խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի կողքին Լիբանանի ներկայութիւնը հաւասար ըլլայ` իսլամ-քրիստոնեայ առումով:
Միւս կողմէ, վարչապետ Սալամ հանդիպում մը ունեցաւ նախկին վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի եւ Մուսթաքպալ պլոքի նախագահ Ֆուատ Սինիորայի հետ` անձնական հանգամանքով եւ իբրեւ նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրիի ներկայացուցիչ:
Հանդիպումէն բացակայեցան նախկին վարչապետներ Օմար Քարամէ եւ Սելիմ Հըս:
Հանդիպումին ընթացքին ներկաները մերժեցին կրօնական խորհուրդին կողմէ տրուած որոշումները, որոնք կը հակադրուին Տար Ֆաթուայի ազգային եւ պատմական առաքելութեան:
Անոնք կոչ ուղղեցին իսլամ համայնքին եւ կրօնաւորներուն զգուշանալու դաւադրութիւններէն, որոնք կը նիւթուին իսլամական միասնականութիւնը խզել փորձող խմբաւորումներուն կողմէ:
Իր կարգին, հանրապետութեան միւֆթի շէյխ Մոհամետ Ռաշիտ Քապպանի Տար Ֆաթուայի մէջ տեղի ունեցած իսլամ 250 կրօնաւորներու արտակարգ նիստին ընթացքին յայտնեց, որ այս հանդիպումը իրենց միջեւ հրաժեշտի հանդիպում է, սակայն խօսք կու տամ, որ մեր միջեւ ուխտը պիտի շարունակուի նաեւ Տար Ֆաթուայէն դուրս:
Միւֆթի Քապպանի հաստատեց, որ Մուսթաքպալ հոսանքը եւ նախկին վարչապետ Ֆուատ Սինիորան 2009-էն ի վեր կը ձախողեցնեն Տար Ֆաթուայի ընտրութիւնները, որոնց հիման վրայ կ՛ընտրուի կրօնական խորհուրդը:

