Պըրրի. «Օրէնսդրական Նիստին Պատահածը Երկրին Սահմանադրական Հաստատութիւններուն Աշխատանքը Խոչընդոտելու Ընդմէջէն Վարչակարգը Քանդելու Փորձ Մըն Է»
Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ ընդունեց Դատական իշխանութեանց գերագոյն խորհուրդի նախագահ, դատաւոր Ժան Ֆահըտը, ընդհանուր դատախազ Սամիր Համմուտը, Պէյրութի իրաւաբաններու սենտիքայի նախագահ Ժորժ Ժրէյժը, ինչպէս նաեւ հիւսիսային Լիբանանի իրաւաբաններու սենտիքայի նախագահ Միշել Խուրին:
Քննարկուեցան լիբանանեան իրադարձութիւնները` դատական եւ ապահովական առումով:
Միւս կողմէ, խորհրդարանի նախագահը իր այցելուներուն հետ ունեցած հանդիպումներուն ընթացքին բացայայտեց, որ քաղաքական կարգ մը ուժեր ուսուցիչներու եւ պետական պաշտօնեաներու աշխատավարձի յաւելումներու թղթածրարին շուրջ նախապէս գոյացած համաձայնութեան յանձնառու չեն գտնուած:
Խորհրդարանի նախագահը յստակ կերպով յայտնեց, որ քաղաքական այդ ուժերուն մաս կը կազմէ Մուսթաքպալ հոսանքը: «Աշխատավարձերու յաւելումին առնչութեամբ կանխաւ գոյացած համաձայնութիւնը խզելու քայլը ուղղակիօրէն կապուած է երկրին օրէնսդրական նիստերը խոչընդոտելու Մուսթաքպալի կեցուածքին», ըսաւ Պըրրի:
Ան աւելցուց, որ այս իրականութիւնը շատ վտանգաւոր է երկրին վարչակարգին համար: «Օրէնսդրական նիստին պատահածը երկրին սահմանադրական հաստատութիւններուն աշխատանքը խոչընդոտելու ընդմէջէն վարչակարգը քանդելու փորձ մըն է», շեշտեց Պըրրի:

