Պետական Քննութիւնները Վաղն Իսկ Կը Սկսին

Էլիաս Պու Սաապ
Սենտիքայական համակարգումի խորհուրդին եւ կրթութեան ու բարձրագոյն ուսման նախարար Էլիաս Պու Սաապի միջեւ նախանցեալ օրուան բանակցութիւններէն ետք պետական քննութիւնները 24 ժամով յետաձգելու որոշումին լոյսին տակ, կրթութեան նախարարութեան ընդհանուր տնօրէն, պետական քննութիւնները կազմակերպող յանձնախումբերու նախագահ Ֆատի Եարաք հրապարակեց 2014-ի պետական քննութիւններուն նոր ժամանակացոյցը:
Այս ժամանակացոյցին համաձայն, պրէօվէի պետական քննութիւնները պիտի սկսին վաղը` ուրբաթ, 13 յունիս 2014-ին եւ աւարտին երկուշաբթի, 16 յունիս 2014-ին:
Պաքալորէայի կենսաբանութեան եւ ընդհանուր գիտութիւններու բաժանմունքներուն քննութիւնները պիտի սկսին երեքշաբթի, 17 յունիս 2014-ին եւ աւարտին կիրակի, 22 յունիս 2014-ին:
Իսկ պաքալորէայի ընկերատնտեսագիտութեան եւ գրական բաժանմունքներուն քննութիւնները պիտի սկսին երկուշաբթի, 23 յունիս 2014-ին եւ աւարտին շաբաթ, 28 յունիս 2014-ին:
Պու Սաապ երէկ Եարաքի եւ պետական քննութիւններու պատասխանատուներուն ընկերակցութեամբ այցելեց նախարարութեան կեդրոնի Ա. յարկը, ուր կը պատրաստուին պետական քննութիւնները եւ ուր կը գտնուին հարցարանները:
Նախարարը ստուգեց պետական քննութիւններուն յատուկ բոլոր թեքնիք կարողութիւնները, ինչպէս նաեւ բանակին կողմէ այդ յարկին վրայ հաստատուած խիստ հսկողութիւնը:
Իր այցելութեան աւարտին Պու Սաապ շեշտեց, որ գումակային, վարչական եւ կրթական բոլոր դասաւորումները կատարուած են, որպէսզի Սենտիքայական համակարգումի խորհուրդին մաս կազմող ուսուցիչները կատարեն պետական քննութիւնները: Ան ընդգծեց պետական քննութիւններուն թափանցիկութեան, ճշգրտութեան եւ կարեւորութեան երաշխաւորումը` Լիբանանի յաջորդ սերունդներուն դաստիարակութեան շրջագիծին մէջ:
Նշենք, որ Պու Սաապ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ Սենտիքայական համակարգումի խորհուրդին հետ պետական քննութիւններուն առումով իր համաձայնութիւնը ամուր է` աւելցնելով, որ իր պատասխանատուութիւնն է հանգստացնել աշակերտները:
Ան յայտնեց, որ պետական քննութիւնները դժուար եւ բարդ պիտի չըլլան` աւելցնելով սակայն, որ անոնք դիւրին ալ պիտի չըլլան` պահպանելու համար կրթական մակարդակը:
«Պետական քննութիւնները սրբագրելու առումով ուսուցիչներուն վրայ ճնշում պիտի չբանեցնեմ, իսկ պատասխանատուները պէտք է լուծում մը գտնեն` քննութիւնները սրբագրելու հարցին», հաստատեց Պու Սաապ:
Միւս կողմէ, Սենտիքայական համակարգումի խորհուրդի նախագահ Հաննա Ղարիպ յայտնեց, որ պետական քննութիւնները պիտի չսրբագրուին եւ անոնց արդիւնքները պիտի չյայտարարուին մինչեւ աշխատավարձերու յաւելումներուն վաւերացումը, եւ կոչ ուղղեց վաւերացնելու այդ յաւելումներուն թղթածրարը 19 յունիսին տեղի ունենալիք օրէնսդրական նիստին:
Իր կարգին, Անձնական դպրոցներու ուսուցիչներու սենտիքայի նախագահ Նաամէ Մահֆուտ յայտնեց, որ Սենտիքայական համակարգումի խորհուրդը փաստեց, որ ինք բոլորէն աւելի յանձնառու է աշակերտներուն շահերուն:

