«Սերժ Սարգսեանի` Թուրքիոյ Նախագահին Ուղղած Հրաւէրը Նուաստացնելու Փորձ Է» Կ՛ըսէ Լիւթեմ

Էօմեր Էնկին Լիւթեմ
Թուրք դիւանագէտ, տարիներ շարունակ Հայկական հարցին շուրջ ուսումնասիրութիւններ կատարած Էօմեր Էնկին Լիւթեմ թուրք-ամերիկեան «թըրքիշնի» կայքին վրայ զետեղած է յօդուած մը` անդրադառնալով Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանի` Թուրքիոյ նախագահին 24 ապրիլ 2015-ին Հայաստան հրաւիրելու փաստին:
Դիւանագէտին համոզումով` այդ «անսովոր» հրաւէրը երկու նպատակ կը հետապնդէ: Առաջինը այն է, որ կ՛ուզէ ցոյց տալ, որ Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի ապրիլ 23-ի ցաւակցական յայտարարութիւնը` ուղղուած «Համաշխարհային Ա. պատերազմի տարիներուն զոհուած հայերու ժառանգորդներուն», չէ ընդունուած: Երկրորդը` Թուրքիոյ նախագահը վատ դրութեան մէջ դնելն է: Ան կը նշէ, որ Թուրքիոյ բնակչութեան մեծամասնութիւնը չի հաւատար 1915-ի դէպքերու ցեղասպանութիւն ըլլալուն, եւ երկրի նախագահը Երեւան հրաւիրելու միջոցով Ցեղասպանութիւնը ճանչնալ տալը նուաստացնելէ բացի այլ մեկնաբանութիւն չունի:

