Ղարաբաղի Մէջ Հրազէնային Հարուածէն Զինուոր Մը Մահացաւ

09DEF584-D597-4899-B7E3-442D5AECB071Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարութիւնը յայտնեց, որ երէկ Ղարաբաղի բանակի հիւսիսային (Գիւլիստան) ուղղութեամբ տեղակայուած զօրամասերէն մէկուն պահպանութեան տեղամասի մարտական յենակէտին մէջ, տակաւին չպարզուած հանգամանքներու մէջ, գլխու հրազէնային մահացու հարուած ստացած է զինուոր, 1994 թուականին ծնած Դերենիկ Մանուկեան:

«Լեռնային Ղարաբաղի պաշտպանութեան նախարարութիւնը կը կիսէ կորստեան ծանր վիշտը եւ իր զօրակցութիւնը կը յայտնէ Դերենիկ Մանուկեանի ընտանիքի անդամներուն, հարազատներուն եւ ծառայակիցներուն: Դէպքին մանրամասնութիւնները պարզելու համար կը տարուի քննութիւն», նշուած է հաղորդագրութեան մէջ:

Ազրպէյճանական Կողմէ Կրակոցներ`
Շփման Գիծի Դիտարկումէն Առաջ

ԵԱՀԿ-ի առաքելութիւնը նախանցեալ օր Լեռնային Ղարաբաղի եւ Ազրպէյճանի զինեալ ուժերու շփման գիծի ծրագրային դիտարկում կատարեց Հատրութի ուղղութեամբ` Հորատիզ բնակավայրի մօտակայքը:

Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարութեան տեղեկատուութեան եւ հասարակութեան հետ կապերու վարչութիւնը փոխանցեց, որ մինչ դիտարկման սկիզբը արձանագրուած են կրակոցներ ազրպէյճանական կողմէն ղարաբաղեան դիրքերու ուղղութեամբ, սակայն դիտարկումը անցած է ըստ նախատեսուած ժամանակացոյցին: Միաժամանակ, ազրպէյճանական կողմը ԵԱՀԿ-ի առաքելութիւնը դուրս չէ բերած իր յառաջապահ դիրքերը:

ԵԱՀԿ-ի գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչ Անճէյ Քասփրչիք դիտարկման մասնակցած է ազրպէյճանական կողմէն:

Դիտարկման առաքելութեանը ղարաբաղեան կողմէն ուղեկցած են արտաքին գործոց եւ պաշտպանութեան նախարարութիւններու ներկայացուցիչները:

 

Share this Article
CATEGORIES