Նախագահ Սերժ Սարգսեան Վիեննայի Մէջ Հանդիպում Ունեցաւ Աւստրիոյ Նախագահին Հետ
Նախանցեալ օր Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան պաշտօնական այցելութեամբ մեկնեցաւ Աւստրիա: Երէկ առաւօտեան տեղի ունեցան Հայաստանի եւ Աւստրիոյ նախագահներ Սերժ Սարգսեանի եւ Հայնց Ֆիշըրի դռնփակ հանդիպումը, ապա` պաշտօնական պատուիրակութիւններու մասնակցութեամբ ընդլայնուած կազմով բանակցութիւնները, որոնց աւարտին ստորագրուեցան շարք մը մարզերու մէջ հայ – աւստրիական համագործակցութեան զարգացման ուղղուած փաստաթուղթեր:
Մասնաւորապէս` նախագահները ստորագրեցին երկու պետութիւններու միջեւ բարեկամական յարաբերութիւններու եւ գործընկերութեան մասին հռչակագիրը, ապա Սարգսեանի եւ Ֆիշըրի մասնակցութեամբ ստորագրուեցան Հայաստանի տնտեսութեան նախարարութեան եւ Աւստրիոյ գիտութեան, հետազօտութիւններու եւ տնտեսութեան դաշնակցային նախարարութեան միջեւ զբօսաշրջութեան մարզին մէջ համագործակցութեան մասին միացեալ գործողութիւններու ծրագիրը, երկու երկիրներու կառավարութիւններուն միջեւ օդային փոխադրութեան մասին համաձայնագիրը:
Այցելութեան ծիրին մէջ ստորագրուեցան նաեւ երկու համաձայնագիրներ` «Արտահանման վարկային համաձայնագիր` «Արամ Խաչատրեան» ֆիլհարմոնիք համերգասրահի վերազինում» ծրագիրի ֆինանսաւորման նպատակով Հայաստանի Հանրապետութեան` ի դէմս ելեւմուտքի նախարարութեան եւ «Էռստէ» դրամատան միջեւ» եւ այլ երկու համաձայնագիրներ «Հայաստանի Հանրապետութեան մշակոյթի նախարարութեան եւ աւստրիական «Վակներ Պիռօ» ընկերութեան միջեւ` սարքաւորումներու մատակարարման մասին:
Հայաստանի եւ Աւստրիոյ նախագահները բանակցութիւններու արդիւնքները ամփոփեցին միացեալ մամլոյ ասուլիսին ընթացքին եւ պատասխանեցին լրագրողները հետաքրքրող հարցումներուն:

