Ազգային Ժողովի Ոչ Իշխանական Ուժերը Դէմ Պիտի Քուէարկեն 2013-ի Պետական Պիւտճէի Կատարողականին
Բարգաւաճ Հայաստան կուսակցութեան խմբակցութիւնը դէմ պիտի քուէարկէ Հայաստանի Հանրապետութեան 2013 թուականի պետական պիւտճէի կատարողականին: Երէկ Ազգային ժողովին մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան 2013 թուականի պետական պիւտճէի կատարողականի քննարկման ժամանակ յայտարարեց Բարգաւաճ Հայաստան կուսակցութեան խմբակցութեան քարտուղար Նայիրա Զոհրապեան:
Պիւտճէի կատարողականին դէմ քուէարկելու մասին յայտարարեց նաեւ Ժառանգութիւն խմբակցութեան ղեկավար Ռուբէն Յակոբեան:
ՀՅԴ խմբակցութեան պատգամաւոր Արծուիկ Մինասեան յայտարարեց, որ որեւէ կատարողականի հաշուետուութիւն չի կրնար ընկալելի ըլլալ հասարակութեան համար, երբ երկրին մէջ ընկերային իրավիճակի բարելաւում չի նկատուիր, մարդիկ փոփոխութիւններ չեն տեսներ: Ան տեղեկացուց, որ ՀՅԴ-ն նոյնպէս դէմ պիտի քուէարկէ Հայաստանի Հանրապետութեան 2013 թուականի պետական պիւտճէի նախագիծին:
Հայ ազգային քոնկրես խմբակցութեան ղեկավար Լեւոն Զուրաբեան իր կարգին տեղեկացուց, որ իր խմբակցութիւնը եւս դէմ պիտի քուէարկէ կատարողականի նախագիծին:

