Ազրպէյճանցի Առեւտրականը Գնեց Շեֆիլտ Ուենզտէյը

Հաֆեզ Մամատով (ձախին)
«Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ ազրպէյճանցի առեւտրական Հաֆեզ Մամատով, որ ֆրանսական Լանս ակումբին սեփականատէրն է, գնեց անգլիական Շեֆիլտ Ուենզտէյ ֆութպոլի ակումբը:
«Շատ ուրախ եւ հպարտ եմ, որ այս սքանչելի ակումբը գնեցի: Կ՛ուզեմ, որ անիկա յառաջիկային փայլուն արդիւնքներ արձանագրէ եւ վերադառնայ բարձրագոյն դասակարգ», ըսաւ Մամատով:
Նշենք, որ ան միեւնոյն ժամանակ ազրպէյճանական Ֆ. Ք. Պաքու ակումբին սեփականատէրն է, ինչպէս նաեւ անցեալին մաս կազմած է Ազրպէյճանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին:
Ուենզտէյ, որ հիմնուած է 1867-ին, Անգլիոյ երրորդ ամէնէն հին ակումբն է: Անիկա 2000-ին բարձրագոյն դասակարգէն փոխադրուեցաւ Ա. դասակարգ:
CATEGORIES Մարզական

