ԵՐԵՒԱՆԻ ՄԷՋ ԹՄՐԵՑՈՒՑԻՉՆԵՐՈՒ ԱՊՕՐԻՆԻ ՇՐՋԱՆԱՌՈՒԹԵԱՆ ԴԷՄ ՊԱՅՔԱՐԻ ԽՆԴԻՐՆԵՐՈՒ ՔՆՆԱՐԿՈՒՄ
Երէկ Երեւանի մէջ տեղի ունեցաւ Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագիրի կազմակերպութեան անդամ պետութիւններու` թմրեցուցիչներու ապօրինի շրջանառութեան դէմ պայքարի իրաւասու մարմիններու ղեկավարներու համակարգող խորհուրդի 10-րդ նիստը, որուն կը նախագահէր Ռուսիոյ թմրեցուցիչներու շրջանառութեան վերահսկման դաշնակցային ծառայութեան տնօրէն Վիքթոր Իվանով:
Նիստի հանդիսաւոր բացման կը մասնակցէին Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագիրի կազմակերպութեան ընդհանուր քարտուղար Նիքոլայ Պորտիւժա, Հայաստանի Ազգային անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Արթուր Պաղտասարեան, Հայաստանի ոստիկանութեան պետ զօր. Ալիք Սարգսեան եւ Հայաստանի մէջ Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագիրի կազմակերպութեան անդամ պետութիւններու դիւանագիտական առաքելութիւններու ներկայացուցիչները:
Նիստին ընթացքին քննարկուեցան թմրեցուցիչներու ապօրինի շրջանառութեան, համակարգող խորհուրդին կողմէ` թմրամոլութեան դէմ պայքարին մէջ ուժերու համակարգման, Աֆղանիստանի տարածքէն եկող թմրեցուցիչներու առեւտուրի սպառնալիքներուն հակազդելու կայուն մեքանիզմներու ստեղծման եւ զարգացման, թմրեցուցիչներու հետ կապուած անդրազգային յանցագործութեան դէմ պայքարի կատարելագործման հիմնախնդիրները:
Քննարկումներու ընթացքին յատուկ ձեւով ընդգծուեցաւ, որ թմրեցուցիչներու շրջանառութեան վիճակը յետխորհրդային տարածքին մէջ կը բնութագրուի թմրեցուցիչներու ապօրինի օգտագործման շարունակական ընդլայնումով:
Նիստին մասնակիցները քննարկեցին նաեւ համակարգող խորհուրդի զարգացման հեռանկարները, թմրեցուցիչներու ապօրինի շրջանառութեան դէմ պայքարին մէջ Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագիրի կազմակերպութեան արագ արձագանգման ուժերու համակարգող խորհուրդի հիմնական միջոցառումներու ծրագիրի իրագործման հարցերը, հաստատեցին համակարգող խորհուրդի աշխատանքային խումբերու հիմնական միջոցառումներու ծրագիրները` ուղղուած 2011-ի տեղեկատուութեան փոխանակման, գործունէութեան եւ մարդուժի պատրաստման մարզին մէջ համագործակցութեան խնդիրներուն:
ՊՈՐՏԻՒԺԱ ԿԸ ՄԷՋԲԵՐԷ ՄԵՏՎԵՏԵՒԻ ԽՕՍՔԵՐԸ
Պատասխանելով Լեռնային Ղարաբաղի մէջ պատերազմի հաւանականութեան եւ անոր պարագային Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագիրի կազմակերպութեան գործողութիւններուն մասին հարցումի մը` կազմակերպութեան ընդհանուր քարտուղար Նիքոլայ Պորտիւժա չցանկաց մեկնաբանութիւններ կատարել անոր շուրջ` հաշուի առնելով հարցի զգայուն ըլլալու հանգամանքը, ինչպէս նաեւ այն փաստը, որ այժմ լուրջ եւ ծանր բանակցութիւններ կ՛ընթանան:
«Կը ցանկամ կրկնել Ռուսիոյ նախագահին այն խօսքերը, որ Հայաստանը Ռուսիոյ ռազմավարական դաշնակիցն է` անկէ բխող բոլոր հետեւանքներով», լրագրողներուն հետ հանդիպման ընթացքին յայտարարեց Պորիւժա:


