«ՂԱՐԱԲԱՂԵԱՆ ՏԱԳՆԱՊԸ ԶԻՆՈՒՈՐԱԿԱՆ ԼՈՒԾՈՒՄ ՉՈՒՆԻ» Կ՛ԸՍԷ ՕԹԱՆ-Ի ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉԸ
Ազրպէյճանական «1news.az» կայքէջը կը հաղորդէ, որ Կովկասի եւ Կեդրոնական Ասիոյ մէջ ՕԹԱՆ-ի ընդհանուր քարտուղարի յատուկ ներկայացուցիչ Ճէյմս Ափաթուրայ Պաքուի մէջ երէկ տրուած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտարարած է, որ ՕԹԱՆ ղարաբաղեան տագնապի լուծման հոլովոյթին մէջ դերակատարութիւն չունի, սակայն մէկ բան յստակ է` խնդիրը զինուորական լուծում չունի, միակ լուծումը դիւանագիտական է:
Ափաթուրայ Ազրպէյճանի մէջ ունեցած է շարք մը հանդիպումներ, որոնց շարքին` Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ:
CATEGORIES Հայկական