2014-ի Մոնտիալ. Ուրուկուէյի Մարզիչը Կ՛ըսէ, Թէ Վստահ Չէ, Թէ Սուարեզ Ե՛րբ Պիտի Ապաքինի
Ուրուկուէյի ֆութպոլի ազգային խումբի մարզիչ Օսքար Թապարեզ իր կատարած մէկ յայտարարութեան ընթացքին ըսաւ, որ ցարդ վստահ չէ, թէ յառաջապահ Լուիս Սուարեզ ե՛րբ պիտի ապաքինի եւ իր մասնակցութիւնը պիտի բերէ 2014-ի Մոնտիալի մրցումներուն:
Ուրուկուէյ իր առաջին մրցումը պիտի կատարէ Քոսթա Ռիքայի դէմ (Դ. խմբակ), ապա յաջորդաբար` Անգլիոյ եւ Իտալիոյ դէմ:
Սուարեզ, որ 22 մայիսին ենթարկուեցաւ ծունկի վիրաբուժութեան, թէեւ ապաքինման ընթացքի մէջ է, բայց պատրաստ չէ դաշտ ներկայանալու:
Բայց եւ այնպէս, Թապարեզ կը մնայ յուսալից, որ ան պիտի վերադառնայ եւ միանայ իր կազմին:
CATEGORIES Մարզական

