Ճատրակ. Յովհաննէս Կապուզեան Արձանագրեց Տպաւորիչ Արդիւնք Մը
Կրանտմասթըր Յովհաննէս Կապուզեան, որ իր մասնակցութիւնը բերաւ Ալպենայի (Պուլկարիա) ճատրակի միջազգային մրցաշարքին, առաւելագոյն 9 կէտէն 6,5 կէտ ապահովելով 154 մասնակցողներուն մէջ գրաւեց 10-րդ դիրքը, կը յայտնէ armchess.am:
Տիտղոսին տիրացաւ պուլկարացի կրանտմասթըր Իվան Շեփարինով` 7,5 կէտով:
Հայրենի այլ կրանտմասթըրներ Վլատիմիր Յակոբեան եւ Տիգրան Լ. Պետրոսեան ապահովեցին 6-ական կէտ, իսկ ՖԻՏԷ-ի վարպետ Տիգրան Ս. Պետրոսեան` 5 կէտ:
CATEGORIES Մարզական

