Լիբանանի Փինկ Փոնկի Ֆետերասիոնին Մէկ Պատուիրակութիւնը Այցելեց «Օ. Թի. Վի.»
Լիբանանի փինկ փոնկի ֆետերասիոնին մէկ պատուիրակութիւնը` գլխաւորութեամբ ֆետերասիոնի նախագահ Սելիմ Հաժ Նիքոլայի, այցելեց «Օ. Թի. Վի.» պատկերասփիւռի կայանը եւ յատուկ հանդիպում մը ունեցաւ անոր տնօրէն Ռոյ Հաշեմի եւ մարզական բաժանմունքի նախագահ Էլի Նասսարի հետ:
Նիքոլայէն բացի, պատուիրակութեան մաս կազմեցին Ահմետ Արաքժի, Ուաէլ Նուրէտտին եւ Ժորժ Քուփալի:
Նիքոլա ֆետերասիոնին կողմէ յատուկ շնորհակալութիւն յայտնեց Հաշեմի, որուն շնորհիւ կայանը տղոց եւ աղջկանց Ա. դասակարգի խմբային ախոյեանութեան աւարտական մրցումները ուղղակիօրէն պատկերասփռեց:
Երկու կողմերը քննեցին կարելիութիւնները յառաջիկային այլ կարեւոր մրցաշարքեր ալ պատկերասփռելու:
Իր կարգին, Հաշեմ գնահատեց ֆետերասիոնին տարած աշխատանքը եւ անոր մաղթեց յաջողութիւն` փինկ փոնկի մարզաձեւին զարգացման մէջ իր ունեցած կարեւոր դերակատարութեան համար:

