Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Այսօր` Անդրանիկ Պէյրութ – ՀՄԸՄ Անթիլիաս Երկրորդ Մրցումը
Լիբանանի պասքեթպոլի աղջկանց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան «ֆայնըլ-ֆոր»-ի Անդրանիկ Պէյրութ – ՀՄԸՄ-Անթիլիաս երկրորդ մրցումը տեղի պիտի ունենայ այսօր` հինգշաբթի, 12 յունիսին, երեկոյեան ժամը 19:30-ին, ՀԲԸՄ-ի «Տեմիրճեան» կեդրոնին մէջ:
Ինչպէս ծանօթ է, առաջին մրցումին ՀՄԸՄ Անթիլիասի աղջիկները իրենց արձանագրած յաղթանակին շնորհիւ այժմ 1-0 արդիւնքով կը գերազանցեն Անդրանիկ Պէյրութի աղջիկները:
Ինչ կը վերաբերի «ֆայնըլ-ֆոր»-ի երկրորդ մրցումին, երէկ Ռիատի Պէյրութի աղջիկները իրենց կարգին 1-0 արդիւնքով գերազանցեցին Մութթահետը` 62-42 արդիւնքով (19-2, 39-15, 50-26 եւ 62-42) յաղթանակ մը արձանագրելով:
Ռիատիէն Ռեպեքա Աքըլ նշանակեց 12 կէտ, իսկ անոր խմբակից Շատա Նասըր` 10 կէտ եւ 7 ռիպաունտ, մինչ Մութթահետէն Մակալի Ժեմայէլ` 12 կէտ եւ 5 ռիպաունտ:
CATEGORIES Մարզական

