Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
ԽՈՅ (21 Մարտէն 20 Ապրիլ)
Ինչ գործի որ սկսիք, ուշադրութեամբ կեդրոնացէք ձեր աշխատանքին վրայ որպէսզի անուշադրութեան սխալ մը չգործէք: Օրը խստապահանջ է:
ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս)
Ընկերակցութեամբ աշխատանք մը ունիք կատարելիք, դուք ձեր բաժինը կատարեցէք առանց ձգձգումի: Ընկերութեան պարագային` համերաշխութիւն պէտք է:
ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս)
Իր պարտականութիւնը լաւագոյնս կատարած մարդու տրամադրութիւն պիտի ունենաք, լայն շունչ մը պիտի քաշէք գոհունակութեամբ: Ուրախ էք անշուշտ:
ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 Յունիսէն 23 Յուլիս)
Առանձին մի՛ երթաք հոն, ուր ժամադրութիւն մը ունիք: Բարեկամ մը թող ընկերանայ ձեզի, որովհետեւ ձեզի անծանօթ վայր մըն է, դժուարութիւն կրնաք ունենալ: Իմաստութեամբ շարժեցէք:
ԱՌԻՒԾ (24 Յուլիսէն 23 Օգոստոս)
Հրաւէր մը կազմակերպեցէք տարեդարձի մը առիթով: Հրաւիրեցէք ձեր հարազատները եւ ձեզի սիրելի բարեկամները: Պարզ խնճոյք մը կ՛ուրախացնէ:
ԿՈՅՍ (24 Օգոստոսէն 23 Սեպտեմբեր)
«Հազար չափէ, մէկ կտրէ» կ՛ըսէ ժողովրդային իմաստութիւնը: Այս կը նշանակէ, որ հարկ է ըլլալ չափաւոր, երկար մտածել` նախքան որոշում մը տալը:
ԿՇԻՌՔ (24 Սեպտեմբերէն 23 Հոկտեմբեր)
Հաւաքոյթի մը մէջ առաջին խօսողը մի՛ ըլլաք, քիչ մը համբերեցէք, հետեւեցէք հաւաքական մթնլորտին եւ տուէք ձեր կարծիքը` անկողմնակալ եւ բարի կամեցողութեամբ:
ԿԱՐԻՃ (24 Հոկտեմբերէն 23 Նոյեմբեր)
Մոռցուած գումար մը պիտի ստանաք այն անձէն, որուն փոխ դրամ տուած էիք: Անակնկալ այս գումարը եկամուտ պիտի նկատէք: Ձեր փափկանկատութիւնը պիտի գնահատուի, իսկ դուք ուրախ պիտի ըլլաք, որ այդ դրամը չէք պահանջած բնաւ:
ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 Նոյեմբերէն 21 Դեկտեմբեր)
Դուք ձեզ զրկուած մի՛ զգաք, որովհետեւ ունիք յառաջդիմելու լաւ առիթներ: Ուրիշներուն նախանձելու պատճառ մը չունիք: Հանդարտ մնացէք, սիրալիր:
ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 Դեկտեմբերէն 20 Յունուար)
Մի՛ մասնակցիք վէճի մը, որպէսզի կողմ չնկատուիք: Լռութիւնը ոսկի է այսպիսի պարագաներու: Միջամտութիւնը կրնայ վնասել ձեր վարկին եւ շահին:
ԾՈՎԱՆՈՅՇ (21 Յունուարէն 19 Փետրուար)
Այժմէն մտածեցէք գումար մը խնայելու մասին, որպէսզի կարենաք իրագործել ձեր երազած ճամբորդութիւնը: Մտածեցէք նաեւ մասնավճարի մասին:
ՁՈՒԿ (20 Փետրուարէն 20 Մարտ)
Յարգեցէք ձեր ժամադրութիւնը, որպէսզի իրագործէք ձեր որոշումը: Եթէ ուշանաք ժամադրութենէ, կրնաք ապահով բախտ մը ձեռքէ հանել: Յարգեցէք ձեր խոստումը, որպէսզի յարգուիք եւ յաջողիք:

