50 Տարի Առաջ (13 Յունիս 1964)

Խմբագրական

Կրթական Հաշուեփակ

Քանի մը օրէն Լիբանանի ամբողջ տարածքին վրայ դպրոցական աշխատանքները կը դադրին` ամառուան եռամսեայ արձակուրդին համար: Հանգիստի եւ կազդոյրի երկար շրջան մը կը սկսի աշակերտութեան համար, որ մօտ ինը ամիս տքնեցաւ ու աշխատեցաւ դպրոցէն թէ տունէն ներս` իր զարգացման եւ դաստիարակութեան ուղիով:

Պարագան նոյնն է նաեւ հայ վարժարաններուն համար` ազգային, յարանուանական թէ անկախ: Քննութիւնները սկսած են արդէն` պետական եւ դպրոցական, եւ իւրաքանչիւր աշակերտ, շունչը բռնած` կը սպասէ արդիւնքներուն:

Այս առիթով կ՛արժէ ակնարկ մը նետել գլխաւորաբար մեր ազգային վարժարաններուն վրայ, արտայայտուիլ մեր դաստիարակչական եւ ուսումնական մտահոգութիւններու մասին եւ անգամ մը եւս հրաւիրել շահագրգռուողները` համապատասխան գիտակցութեամբ եւ բծախնդրութեամբ արժեւորելու իրենց դերն ու պարտականութիւնները:

Ոչ մէկ կասկած, թէ կրթական մեր մտահոգութիւնները ընդհանրական բնոյթ կը կրեն, բոլորին, կը խօսինք ազգային գիտակցութեան տէր մարդոց մասին, ուշադրութեան առարկան են ինչպէս այդ բոլորը կը տեսնենք հոգածու եւ նախանձախնդիր, ամէն անգամ որ կրթական հարց մը կը ներկայանայ մեր գաղութին:

Ներկայիս ուրախութեամբ կը հաստատենք, թէ ազգային վարժարանները բոլորած են արդիւնաւոր տարի մը` շնորհիւ պատկան մարմիններու յարաճուն հետաքրքրութեան, ինչպէս նաեւ` ուսուցիչներու եւ ծնողներու արդիւնաւէտ գործակցութեան:

Լիբանանի թեմին մէջ գործող քսանէ աւելի ազգային վարժարաններէն հայորդիներու փաղանգ մը շրջանաւարտ պիտի ըլլայ այս տարի, ոմանք իրենց ուսումը շարունակելու համար երկրորդական վարժարաններու մէջ, ուրիշներ` նետուելու համար կեանքի ասպարէզ: Թէեւ տարուէ տարի կը պակսի երկրորդական ուսումի չհետեւողներու համեմատութիւնը, եւ քիչ շատ նոր սերունդը հնարաւորութիւն կը գտնէ գոհացում տալու ուսման իր ծարաւին:

Հայեցի կրթութեամբ օժտուած իւրաքանչիւր պատանի ու երիտասարդ շահ մըն է այն բոլորին համար, որոնց կը հաւատանք իբրեւ ժողովուրդ: Այս համոզումն է, որ ուղեցոյց կը հանդիսանայ կրթական գործին պատասխանատուութիւնն ունեցող մարմիններուն, որոնց խնամքին յանձնուած են մեր վարժարանները:

Այս համոզումը նաեւ սեփականութիւնն է հայ ժողովուրդի զանգուածներուն, որոնք մինչեւ իսկ իրենց նիւթական ու բարոյական աջակցութիւնը կ՛ընծայեն հեռաւոր Ամերիկայի մէջ բացուելիք հայկական վարժարանի մը տարուած աշխատանքներուն: Երբ այս է իրողութիւնը, պատճառ մը չկայ, որ մեր գաղութը առաւելագոյն չափով չհետաքրքրուի իր վարժարաններով եւ նոր սերունդի հայեցի դաստիարակութեան խնդրով:

Պատկան մարմիններուն կը մնայ այդ հետաքրքրութիւնը արդիւնաւորել շօշափելիօրէն, մեր վարժարաններուն տալու համար այն մակարդակը, որուն ձգտումը ունեցած ենք միշտ: բայց չենք հասած զանազան պատճառներով, որոնց մէջ նիւթականը քիչ բաժին չէ ունեցած:

Մասնաւորաբար մեր օրերուն, երբ մեր վարժարաններն ու ուսումնական մարմինները կրթական նոր հարկադրանքներու տակ են, եւ վարչական լուրջ հարցերու դէմ յանդիման, անհրաժեշտ է, որ ծնողներ լրիւ գիտակցութեամբ գործակցին ուսումնական մեր հաստատութիւններուն:

Նիւթական թէ բարոյական տեսակէտով, մեր վարժարաններուն աջակցելու կենսական ստիպողութիւն մը կը ծանրանայ մեր ծնողներուն վրայ: Այդ աջակցութեան առաջին արդիւնքները հաստատեցինք վերջին քանի մը տարիներու ընթացքին: Փափաքելի է, որ այս շարժումը ծաւալ ստանայ եւ դադրինք այլեւս կրթական գործը միայն ազգին պարտականութիւնը նկատելէ:

Այլ այդ պարտականութեան մէջ մեր բաժինը վերցնենք` ապրելու եւ նոր նուաճումներ արձանագրելու վճիռը տուած ազգի մը զաւակները ըլլալու խոր գիտակցութեամբ:

 

Share this Article
CATEGORIES