«Միկոյեանի Դերը Բացարձակապէս Բացասական Եղած Է Հայ Ժողովուրդի Ճակատագիրին Մէջ», Պատմաբան

568839140240340910 յունիսին ՀՅ Դաշնակցութեան Երեւանի Քաղաքային կոմիտէին նախաձեռնութեամբ,  Ֆիլհարմոնիայի փոքր դահլիճի սրահին մէջ տեղի ունեցաւ մասնագիտական գիտաժողով` Անաստաս Միկոյեանի արձանի տեղադրման վերաբերող:  Գիտաժողով-քննարկման ընթացքին խօսք առած տարբեր անձնաւորութիւնները անդրադարձան նման քայլի մը դիմելը իսկական սխալ ու յանցանք նկատելու հանգամանքին` համապատասխան հիմնաւորումներ ներկայացնելով:

ՀՅԴ Երեւանի Քաղաքային կոմիտէի ներկայացուցիչ Բագրատ Եսայեան` անդրադառնալով Անաստաս Միկոյեանի արձանի կանգնեցման մասին շրջան ընող լուրերուն եւ քննարկումներուն` յայտնեց. «Անաստաս Միկոյեանի արձանի տեղադրման մտադրութեան մասին տեղեկատուութիւնը բուռն բողոք յառաջացուցած է հասարակութեան մէջ: Քննարկումը կը կատարուի հարցազրոյցներու, բանավէճերու մակարդակով, սակայն պետական մարմինները անընդհատ կը փորձեն շեշտել, որ փաստագրական առումով իրենց ձեռքին տակ ոչինչ կայ, եւ այդ է պատճառը, որ նման որոշում կայացուած է»:

Ըստ անոր, ՀՅԴ Երեւանի Քաղաքային կոմիտէն ճիշդ այդ նպատակով կայացուցած է քննարկում-գիտաժողովը, որպէսզի քննարկումներուն լոյսին տակ ծնուելիք փաստաթուղթերը նկատուին որպէս հիմնաւորում եւ այդ որոշումը բեկանելու փաստաթղթային հիմք:

Քննարկման ընթացքին, որուն կը մասնակցէին շարք մը գիտնականներ, հասարակական-քաղաքական գործիչներ, ներկայացուեցան Անաստաս Միկոյեանի անցած ուղին, գործունէութիւնը, լոյս սփռուեցաւ հասարակութեան լայն հատուածներու համար տակաւին անյայտ Անաստաս Միկոյեանի իրական անձին ու կերպարին վրայ:

ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, պատմական գիտութիւններու թեկնածու Լեւոն Մկրտչեան իր ելոյթին մէջ նշեց, թէ այս խնդիրը, որ կը թուի, թէ կեդրոնացած է ընդամէնը մէկ անձի վրայ, շատ աւելի խորքային է, եւ այդ առումով բոլորին ուշադրութիւնը կեդրոնացուց այն խնդիրին վրայ, որ աւելի շատ հոգեբանական, ընկերային-հոգեբանական հարթութեան վրայ կը գտնուի: Ան նշեց, որ` այսօր մենք քիչ մը ուշացած, բայց պէտք է հարցում մը ուղղենք ` մեր այսօրուան Հայաստանի մէջ անկախութեան 20-22 տարուան անկախ պետականութեան ընթացքին, մեր երեքհազարամեայ պատմութեան ո՞ր պետական կամ պատմական գործիչի արձանը պէտք է դնենք»:

«Ո՞ւր է մեր ազատ, անկախ ու միացեալ Հայաստանի առաջին կերտողին` Արտաշէս թագաւորին արձանը, ո՞ւր են մեր թագաւորներուն արձանները: Ունեցած ենք հարստութիւններ, որոնցմէ իւրաքանչիւրը տուած է այնպիսի դէմքեր, որոնք պատիւ կը բերեն տասնեակ ժողովուրդներու: Արդեօք մենք այսօր իրաւունք չունի՞նք տեսնելու արձանը Աշոտ Երկաթի, որ առաջին ազատագրական պայքարի ռահվիրան էր», նշեց Լեւոն Մկրտչեան:

Ըստ անոր, արձանն ու փողոցը այն վայրն են, ուր պապիկը թոռնիկին պէտք է ցոյց տայ արձանը ու ըսէ, որ այս մարդը այսինչ բանը կատարած է եւ այդպիսով բան մը սորվեցնէ թոռնիկին: «Եւ Երեւանի քաղաքապետարանը պէտք է յստակ քաղաքականութիւն ունենայ, թէ ի՛նչ է փողոցներուն ու արձանախումբերուն դերը մեր երեխաներուն, մեր բոլորին համար, ու այս է ամենակարեւոր խնդիրը», յայտնեց Լեւոն Մկրտչեան:

«Եթէ զարնուած, զրկուած հայութիւնը խորհրդային տարիներուն կրցած է ընտրել այն կերպարները, որոնք մեզի հոգեհարազատ են` Վարդան Մամիկոնեան, Գայ, Մարշալ Բաղրամեան, Իւան Իսակով եւ այլն, ու հպարտացած ենք անոնցմով, ապա անկախութեան տարիներուն պէտք է կարենանք ընտրել այնպիսի կերպարներ, որոնք մեր երազը մեր երեքհազարամեայ պատմութիւնը խորհրդանշեն: Մենք մեզի չենք կրնար արտօնել, որ մեր պատմութիւնը սկսի 19-րդ դարավերջէն եւ 20-րդ դարասկիզբէն», շեշտեց Լեւոն Մկրտչեան` աւելցնելով, որ նման շռայլութեան կրնան դիմել Հայաստանի դրացիները, որոնց պատմութիւնը կը սկսի այդ ժամանակաշրջանէն:

Ըստ անոր, Խորհրդային Միութեան ժամանակ այս մէկը հասկցած են, այդ պատճառով ալ Սասունցի Դաւիթի, Հայկ Նահապետի, Վարդան Մամիկոնեանի արձանները զետեղուած են: «Անկախութեան ժամանակ ի՞նչ այդպիսի աշխատանք կատարած են մեր քաղաքը, մեր երկիրը զարդարելու համար: Ո՞ւր է Աշոտ Մեծագործի արձանը, որ կը նայի Անիին, որ հիմնադրած է այդ քաղաքը», իր խօսքը եզրափակելով` ըսաւ Լեւոն Մկրտչեան, շեշտելով, որ` ասիկա հիմնականին մէջ պատմաբաններու, քաղաքական գործիչներու ու հասարակութեան խնդիրն է:

Պատմական գիտութիւններու դոկտոր Աշոտ Ներսիսեան ներկայացուց Անաստաս Միկոյեանի կերպարը` իր ելոյթը վերնագրելով «Անաստաս Միկոյեանի դերը հայ ժողովրդի ճակատագրում», եւ իր խօսքին սկիզբը շեշտեց, որ` «այդ դերը եղած է բացարձակապէս բացասական»:

Պատմաբանը պատմական փաստերով իր ըսածը հիմնաւորելէ առաջ նշեց, որ Երեւանի մէջ Անաստաս Միկոյեանի արձանը կանգնեցնելը մեծ հարուած է Հայաստանի անկախութեան գաղափարին, քանի որ Միկոյեան իր ամբողջ կեանքի ընթացքին, մասնաւորապէս պոլշեւիկեան յեղափոխութենէն ետք, Հայաստանի անկախութեան կորստեան տարիներուն, պայքարած է Հայաստանի դէմ:

«Ընդ որում, ոչ միայն պայքարած է, որ իր կուսակիցներուն` համայնավարներուն կողմէ Արեւմտեան Հայաստանի մասին հռչակագիրը չիրականացուի, այլ նաեւ կայ 1919 թուականի դեկտեմբերին Լենինին հասցէագրուած նամակ մը, որով կոչ կ’ուղղէ հրաժարիլ Թրքական Հայաստանի մասին հռչակագիրէն, եւ, առհասարակ, հարուած հասցուցած է միացեալ Հայաստանի ստեղծման գաղափարին», նշեց պատմաբանը:

Ըստ անոր, Միկոյեան իր աստրախանեան յայտնի ելոյթով կոչ ուղղած է ու հետագային հասած է այն եզրակացութեան, որ Հայաստանի Համայնավար կուսակցութիւնը փակուի եւ վերափոխուի Ռուսիոյ համայնավար բանուորական կուսակցութեան մասնաճիւղի, յետոյ Արեւմտեան Հայաստանի վերաբերեալ հայկական պահանջատիրութեան դէմ հանդէս եկած է, ինչպէս նաեւ իր կուսակիցներուն հանդէպ լաւ վերաբերմունք չէ ցուցաբերած: Պատմաբանը նշեց, թէ սկիզբը Միկոյեան անցած է Պարսկաստան` Անդրանիկի գունդին կամաւորագրուելու, բայց կարճ ժամանակ ետք ապտակ մը ստացած է Անդրանիկէն ու լքած է գունդը հետագային անդամագրուելով Համայնավար կուսակցութեան ու գործելով հայ ժողովուրդի շահերուն դէմ:

Իսկ դիւանագէտ Արա Պապեան անդրադարձած է այն «միֆին», թէ Անաստաս Միկոյեանի շնորհիւ էր, որ Գ. համաշխարհային պատերազմը չսկսաւ, Քարայիպեան ճգնաժամը հարթուեցաւ: Նախկին դիւանագէտը շեշտեց, թէ ճգնաժամը հարթած են բոլորովին այլ մարդիկ, բայց Համայնավար կուսակցական վերնախաւին պէտք էր, որ ճգնաժամի հարթումը վերագրուէր կուսակցութեան ու անոր ղեկավարութեան: «Իսկ Միկոյեանի դերը այդ ամբողջ պատմութեան մէջ եղած է երիտասարդ Ֆիտել Քասթրոն հանգստացնելը, որ ձայնասփիւռէն լսած էր, թէ Խորհրդային Միութիւնը հիւլէական մարտական գլուխներ կը հանէ Քուպայէն ու սաստիկ վրդոված էր», դիտել տուաւ ան:

Պատմաբան Աշոտ Ներսիսեան բռնութիւններու եւ ճնշումներու առնչութեամբ տասնեակ փաստեր ներկայացնելով պնդեց, որ Անաստաս Միկոյեան պայքարած է Հայաստանի դէմ: Ան անհեթեթ նկատեց այն արդարացումները, թէ վարչակազմը այդ բանը կը թելադրէր. «Կ՛ըսեն, որ Միկոյեանը ելք չունէր, որովհետեւ Միկոյեան կը հետապնդուէր Բերիոյ կողմէ: Բայց կրնա՞յ ըլլալ, որ Միկոյեանի արիւնը Չարենցի, Բակունցի եւ միւսներուն արիւնէն կարմիր էր: Թող հրաժարէր: Կայ մէկ այլ փաստ եւս. երբ անգամ մը Մարտիրոս Սարեանը դիմած է Միկոյեանին, թէ ինչո՞ւ ան չի բարձրացներ Լեռնային Ղարաբաղի եւ Նախիջեւանի հարց, Միկոյեան պատասխանած է, թէ աւելի լաւ է Հայաստանի մէջ երկու գործարան կառուցել, քան այդ հարցերը բարձրացուին: Ասոնք հանրայայտ փաստեր են»:

Աւարտին քննարկման մասնակիցները նշեցին, որ արձանի տեղադրման մասին որոշումը աւելի եւս բացայայտեց, թէ իրականութեան մէջ ո՛վ եղած է Միկոյեան եւ որքան բացասական դեր խաղացած է հայ ժողովուրդի պատմութեան մէջ:

Share this Article
CATEGORIES