«Միկոյեանը Դէմ Եղած Է, Որ Երեւանի Մէջ Նշուի Ցեղասպանութեան 50-րդ Տարելիցը». Հայկ Դեմոյեան

Անաստաս Միկոյեան, Ժոզէֆ Ստալին եւ Սերգէյ Օրջոնիքիձէն (Թիֆլիս, 1925)

Անաստաս Միկոյեան, Ժոզէֆ Ստալին եւ Սերգէյ Օրջոնիքիձէն (Թիֆլիս, 1925)

«Ստալինի աջակից Անաստաս Միկոյեանը դէմ եղած է, որ Երեւանի մէջ նշուի Հայոց ցեղասպանութեան 50-րդ տարելիցը», յայտարարած է Հայոց ցեղասպանութեան թանգարանի տնօրէն Հայկ Դեմոյեանը, որ շեշտած է, թէ այս առնչութեամբ բազմաթիւ փաստեր կան:

«Եւ փորձած է համոզել այն ժամանակուան Խորհրդային  Հայաստանի Կենտկոմի առաջին քարտուղար Յակոբ Զարոբեանը: Ես չեմ խօսիր բանաւոր պատմութիւններու վրայ հիմնուելով, այլ ասիկա փաստագրուած է յուշագրութեան մէջ: Փաստագրուած է, որ բազմիցս փորձած է յորդորել ձեռնպահ մնալ այդ միջոցառումները կազմակերպելէ: Ի վերջոյ ան չլսեց, եւ որպէս վերապրողի զաւակ` յուշարձանի այդ մրցոյթը կազմակերպեց», «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանին հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին նշած է Հայկ Դեմոյեան:

Ան տեղեկացուցած է, որ քանի մը օրէն քաղաքապետարանին պիտի ներկայացնէ փաստերու ամբողջական թղթածրար մը, ուր յստակօրէն նշուած պիտի ըլլան այն բոլոր յանցանքները, որոնց ետին կանգնած է Միկոյեան:

Միւս կողմէ, օր մը առաջ քաղաքապետ Տարօն Մարգարեան ըսած էր, որ Միկոյեանի չարագործութիւններուն առնչութեամբ փաստեր չէ տեսած: Մինչդեռ օրեր առաջ գիտնականները 4 նման փաստաթուղթ եւ 200 ստորագրութեամբ նամակ ներկայացուցած էին քաղաքային իշխանութիւններուն: Դեմոյեան եւս առանձնացուցած է առնուազն 4 ակնառու փաստեր են, որոնք, ըստ պատմաբանին, անհերքելի են:

«Միկոյեան եղած է պոլշեւիկներու այն խմբակին մէջ, որ փորձած է ամէն ձեւով խոչընդոտել Արցախի եւ Նախիջեւանի վերամիաւորումը Հայաստանին: Երկրորդ կէտը այն է, որ, այո՛, 37 թուականին, բազմաթիւ փաստաթուղթեր կան, նաեւ` հայաստանեան արխիւներուն մէջ, ուր կան հալածանքների իրականացման գործողութիւնները հաստատող փաստաթուղթեր` ինքնին Միկոյեանի ստորագրութեամբ: Իսկ ինչ կը վերաբերի այն փաստաթուղթերուն, որոնք որպէս հակափաստարկ կը ներկայացուին, թէ` Միկոյեանի ստորագրութիւնը չկայ, կամ` միայն յղումը, ես կը հաստատեմ, որ կայ նաեւ այդ փաստաթուղթին առաջին հիմքը: Ինչի՞ հիման վրայ Ստալինը Եժովին գրած է, որ Միկոյեան կ՛առաջարկէ: Որովհետեւ Երեւանէն կայ հեռագիր Ստալինի անունով, Միկոյեանի ստորագրութեամբ, ուր Միկոյեան կ՛առաջարկէ 700 հոգիով աւելցնել գնդակահարուողներուն թիւը, որովհետեւ 500-ը քիչ է: Լեհերու դրուագը դրուագ երեքն է, որ պիտի ունենայ միջազգային հնչեղութիւն: Ասիկա ինծի համար ուղղակի անընդունելի է: 100-ամեակի նախաշեմին մենք չենք կրնար կանգնեցնել յուշարձանը մարդու մը, որուն ստորագրութիւնը յստակ կ՛երեւի փաստաթուղթի մը վրայ, որ մեր ժողովուրդին համար իրօք ողբերգութիւն էր, գլխատում էր փաստօրէն»:

Հ. Դեմոյեան դիտել տուած է, որ անպայման պիտի փորձէ համոզել իր գործընկերները. «Պիտի փորձեմ հիմնաւորել, պիտի փորձեմ բերել յաւելեալ նիւթեր, փաստեր, պատմաբաններու լեզուով` անհերքելի վկայութիւն, հիմք»:

«Իւրաքանչիւր արձան ուղերձ է յաջորդ սերունդներուն: Անաստաս Միկոյեանին արձանը տեղադրելով` մենք կը փորձենք դարաշրջանի որոշ յանցագործութիւններ արդարացնել», ցաւով յայտնած է պատմաբանը եւ` աւելցուցած. «Կը խօսինք ժամանակաշրջանի մը մասին, որ կապուած էր զանգուածային սպանութիւններու հետ, որ վերջին տուեալներով, շուրջ 30 միլիոն մարդու կեանք արժեց: Մենք կը խօսինք վախի մթնոլորտի մասին, մենք կը խօսինք իւրաքանչիւրիս ընտանիքին որեւէ ձեւով անդրադարձած ցաւի, յիշողութեան կորսուտի մասին»:

Ցեղասպանութեան թանգարանի տնօրէնը չի պատրաստուիր դառնալու սպիտակ ագռաւ, սակայն կը խոստանայ իր սկզբունքներուն դէմ չգործել. «Ես գործ ունիմ պատմութեան մը հետ, որ կը կոչուի Հայոց ցեղասպանութիւն: Ես իմ անձիս պիտի չներէի եւ իրաւունք չէի կրնար տալ լուռ մնալ այդ պարագային` ըլլալով մասնագէտ մը, որ տեղեակ է այդ բազում, բազմապիսի փաստերուն մասին»:

Share this Article
CATEGORIES