Նոր Գեղանկար Մը` «Ազդակ»-ի Հաւաքածոյին

maral-derboghossian«Ազդակ»-ի տնօրէնութիւնը երէկ առաւօտ լիբանանահայ երիտասարդ գեղանկարիչ Մարալ Տէր Պօղոսեանէն ստացաւ «Քաղաքի հին տուներ» անունը կրող գեղանկար մը:

Մարալ Տէր Պօղոսեան լիբանանահայ երիտասարդ կայացած արուեստագիտուհի է, որ կը դասաւանդէ Լիբանանեան համալսարանի արուեստի գիտութիւններ բաժանմունքին մէջ: Ան թեկնածու է տոքթորայի:

Բազմաթիւ ցուցահանդէսներ տուած է Վիեննայի, Տուպայի, Նիւ Եորքի եւ Պոսնիա-Հերցեկովինայի մէջ եւ այդ բոլորին առընթեր մասնակցած բազմաթիւ հաւաքական ցուցահանդէսներու:

Բացի համալսարանական շրջանակէն, Լիբանանի արուեստասէր հասարակութիւնը ծանօթ է Մարալ Տէր Պօղոսեանին յատկապէս Պէյրութի գերմանական մշակոյթի կեդրոնին եւ Օտիլ Մազլումի ցուցասրահին մէջ կազմակերպուած իր ցուցահանդէսներուն ճամբով:

Երիտասարդ գեղանկարչուհիին արուեստին կ՛անդրադառնանք տակաւին առանձին նիւթով: Մինչ այդ, մեր շնորհակալութիւնները Մարալ Տէր Պօղոսեանին:

Share this Article
CATEGORIES