Ներսէս Պետրոս Ժթ. Կաթողիկոս Պատրիարքը Ընդունեց Դեսպան Տէյվիտ Հէյլը
Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ հայոց Ներսէս Պետրոս ԺԹ. կաթողիկոս պատրիարքը չորեքշաբթի, 11 յունիս 2014-ի կէսօրին, Հայ կաթողիկէ պատրիարքարանին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Տէյվիտ Հէյլը: Հանդիպումին ներկայ եղաւ հայր Վարդան վրդ. Գազանճեան:
Շուրջ 40 վայրկեան տեւած հանդիպումին ընթացքին խօսակցութիւնը շօշափեց մասնաւորաբար Լիբանանի նախագահական ընտրութիւնը, ընկերային-տնտեսական խնդիրները եւ սուրիացի գաղթականներուն տառապալի վիճակը: Շեշտելով նախագահական ընտրութեան կարեւորութիւնը` դեսպան Հէյլ յայտնեց, որ ընտրութիւնը զուտ լիբանանեան պատասխանատուութիւն է, եւ հետեւաբար ան պէտք է կատարուի առանց ազդուելու միջազգային տրամադրութիւններէն: Ամենապատիւ հոգեւոր տէրը անդրադարձաւ սուրիացի գաղթականներու ապրուստի շատ դժուարին պայմաններուն եւ շեշտեց անոնց վիճակը տանելի դարձնելու սահմանուած մարդասիրական օգնութիւններու անհրաժեշտութիւնը: Այս կապակցութեամբ, հոգեւոր տէրը կոչ ուղղեց Միացեալ Նահանգներուն կարելի բոլոր միջոցներով օգնելու Սուրիոյ եւ ընդհանրապէս Միջին Արեւելքի տագնապներու խաղաղ լուծման` առաջքը առնելու համար մարդկային յաւելեալ զոհերու եւ նիւթական վնասներու յառաջացումին:
Ամերիկացի դեսպանը հրաժեշտ առաւ ամենապատիւ հոգեւոր տիրոջմէ` գնահատելով հայ կաթողիկէ համայնքին աշխուժ եւ դրական ներկայութիւնը երկրին հասարակական կեանքին բոլոր մարզերուն մէջ:

