«Սուրիոյ Հարցին Քննութեամբ Զբաղող Միջազգային Յանձնախումբը Յատուկ Կարեւորութիւն Պէտք Է Տայ Քեսապին» Կ՛ըսէ Արամ Ա. Կաթողիկոս

Դոկտ. Փաուլօ Սերժիօ Փինհէյրօ

Դոկտ. Փաուլօ Սերժիօ Փինհէյրօ

Չորեքշաբթի, 11 յունիս 2014-ին, Արամ Ա. կաթողիկոս յատուկ պատգամ մը ուղղեց Սուրիոյ մէջ մարդկային իրաւանց բռնաբարումները քննելու կոչուած միջազգային յանձնախումբի նախագահ դոկտ. Փաուլօ Սերժիօ Փինհէյրոյին: Իր պատգամին մէջ վեհափառը պահանջեց, որ Քեսապի հարցը յատուկ քննութեան առարկայ դառնայ` նկատի ունենալով Թուրքիոյ բացասական դերը այս գծով: Վեհափառը յատկապէս ըսաւ. «Երբ հայ ժողովուրդը կը պատրաստուի օսմանեան թուրք պետութեան կողմէ իր դէմ գործադրուած ցեղասպանութեան 100-ամեակը նշելու, այլ ողբերգութիւն մը պարտադրուեցաւ մեր ժողովուրդին Թուրքիոյ կողմէ: Արդարեւ, Քեսապի մեր ժողովուրդը, որ տեղահան դարձած էր պատմական Կիլիկիայէն, ահա դարձեալ նո՛յն ողբերգութեան ենթարկուեցաւ: Ապա վեհափառը կ՛առաջարկէ անհրաժեշտութեան պարագային իր ներկայացուցիչը ղրկել իր մօտ` ճշգրիտ տեղեկութիւններ փոխանցելու Քեսապի հարցին մասին:

Յիշեալ յանձնախումբը նշանակուած է Միացեալ ազգերու կազմակերպութեան Մարդկային իրաւանց յանձնաժողովին կողմէ եւ ներկայ ամսուան աւարտին ան իր տեղեկագիրը պիտի ներկայացնէ Ապահովութեան խորհուրդին:

Յայտնենք, որ վերջերս վեհափառ հայրապետին Վատիկան կատարած այցելութեան ընթացքին Սուրիոյ հայութեան տագնապը` քրիստոնեայ համայնքներու դիմագրաւած դժուարութիւններուն ծիրին մէջ, յաճախակի կերպով արծարծուեցաւ պապին, պետական քարտուղարին եւ մամլոյ ներկայացուցիչներուն հետ տեղի ունեցած հանդիպումներուն ընթացքին:

 

Share this Article
CATEGORIES