Հալէպի Մէջ Ջրամատակարարումը Վերսկսած Է

1206Aleppo_WaterԵրկու շաբթուան անջատումէն ետք, Հալէպի կարգ մը շրջաններու մէջ ջուրի մատակարարումը վերսկսաւ:

«Արմենփրես»-ի հետ ունեցած զրոյցի մը ընթացքին բերիոյ թեմի Ազգային առաջնորդարանի մամլոյ քարտուղար Ժիրայր Ռէյիսեան յայտնած է, որ հասանելի ջուրը տակաւին կը մնայ խմելու համար անօգտագործելի:

Ռէյիսեանի համաձայն, Հալէպի բազմաթիւ փողոցներու մէջ կարելի է տեսնել երկար շարքերով ջուր ամբարելու համար իրենց կարգը սպասող ժողովուրդ:

Տասնեակ քաղաքացիներ թունաւորուած են անօգտագործելի ջուրը խմելու պատճառով, յայտնած է Ռէյիսեան:

Նշենք, որ մայիս ամսուան ընթացքին ջուրի խողովակի պայթումին պատճառով Հալէպը զրկուած էր ջուրէ:

Ժիրայր Ռէյիսեան նշած է նաեւ, որ վերջին օրերուն Հալէպի վրայ ռմբակոծութիւնները համեմատաբար նուազած են, սակայն գիշերները կը շարունակուին օդային ռմբակոծութիւնները: Ան ըսած է նաեւ, որ Նոր Գիւղի եկեղեցւոյ սրահներէն մէկուն մէջ կը մնան հարիւրէ աւելի հայորդիներ, ուրիշներ տեղափոխուած են աւելի ապահով շրջաններ կամ իրենց հարազատներուն-բարեկամներուն տուները: Ինչ կը վերաբերի ելեկտրականութեան, Ռէյիսեան յայտնած է, որ օրուան ընթացքին, լաւագոյն պարագային ելեկտրական հոսանքը կը տրամադրուի 6 ժամ:

 

Share this Article
CATEGORIES