Չինաստանի Մէջ Ֆութպոլի Սիրահարները Զանգուածաբար Բժիշկի Կեղծ Զեկուցագիրներ Կը Գնեն Աշխարհի Ախոյեանութիւնը Դիտելու Համար

1206China«Սի.Էն.Էն.» կը հաղորդէ, որ Չինաստանի մէջ բժիշկի կեղծ զեկուցագիրներ տարածող անօրինական գրասենեակը յաճախորդներու մեծ հոսք ունեցած է: Պատուէրներու մեծ մասը գրասենեակը կը ստանայ ֆութպոլի սիրահարներէն, որոնք այդ ձեւով կը խուսափին աշխատանքի երթալէ, որպէսզի ուղիղ եթերով հետեւին ֆութպոլի աշխարհի ախոյեանութեան խաղերուն:

Չինաստանի բնակիչները ստիպուած են նման քայլի դիմելու` Պրազիլի հետ ժամանակային տարբերութեան պատճառով: Չինական մամուլին մէջ աշխարհի ախոյեանութիւնը այժմ յաճախ կը բնորոշուի իբրեւ երկրին պատմութեան մէջ «մեծագոյն ժամանակային տարբերութեամբ» ախոյեանութիւնը: Մրցումները տեղի պիտի ունենան Արեւելեան Ասիոյ մէջ ուշ գիշերին կամ կանուխ առաւօտուն:

Կեղծ զեկուցագիրները կարելի է ձեռք բերել շուրջ 50 տոլարով: «Սի.Էն.Էն.»-ի աղբիւրը կը նշէ, որ այդ գումարով երկրպագուները կը ստանան բնագիրին մօտ փաստաթուղթ` կնիքներով եւ արժանահաւատ ախտանիշերով:

Share this Article
CATEGORIES