«Վրաստան Ռուսիոյ Հետ Իտէալական Հաւասարակշռութիւն Ունի» Կ՛ըսէ Ղարիպաշվիլի

Իրաքլի Ղարիպաշվիլի
«Ափսնի» կայքը կը հաղորդէ, որ Վրաստանի վարչապետ Իրաքլի Ղարիպաշվիլի «Պի.Պի.Սի.»-ի հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին` պատասխանելով այն հարցումին, թէ արդեօք կը զգուշանա՞յ, որ Հարաւային Օսեթիան պիտի երթայ Խրիմի ուղիով, ըսած է, որ Աբխազիան եւ Հարաւային Օսեթիան բոլորովին այլ կացութիւն են:
«Խրիմը Հարաւային Օսեթիոյ եւ Աբխազիոյ հետ համեմատելը սխալ է: Այդ երկու այսպէս կոչուած պետութիւնները կը ձգտէին անկախութեան, այդպէս չէ՞: Ռուսիան ճանչցած է այդ կառավարութիւնները, սակայն 2008-էն ետք ոչ մէկ յառաջընթաց եղած է: Այդ տարածքները Վրաստանի տարածքին մէջ են, եւ որքան ինծի յայտնի է` Ռուսիան չի պատրաստուիր այդ տարածքները կցելու», ըսած է ան:
«Պի.Պի.Սի.»-ի լրագրողի այն նշումին, թէ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով յայտարարած է, որ Եւրոպական Միութեան հետ Ընկերակցութեան համաձայնագիրի ստորագրումը լուրջ հետեւանքներ պիտի ունենայ, Ղարիպաշվիլի նշած է, որ երբ իրենք իշխանութեան եկած են, ամբողջովին փոխած են Ռուսիոյ նկատմամբ իրենց յարաբերութիւնները. «Մենք քիչ բան չենք ըրած լարուածութիւնը թուլցնելու նպատակով: Մենք նշանակեցինք Ռուսիոյ հետ յարաբերութիւններու հարցով յատուկ ներկայացուցիչ, եւ մեծ յաջողութիւններու հասանք», յիշեցուցած է Վրաստանի վարչապետը:
Ղարիպաշվիլի նշած է, որ իրենք իւրայատուկ մօտեցում ունին. կրցած են ցուցադրել իրենց եւրոպական ընթացքն ու կը պատրաստուին ստորագրել Ընկերակցութեան համաձայնագիրը, իսկ միւս կողմէ կը կարգաւորեն Ռուսիոյ հետ յարաբերութիւնները: «Կը կարծեմ` մենք իտէալական հաւասարակշռութիւն ունինք», ըսած է ան:

