Եւրոպական Միութիւնը Մոլտաւիոյ 50 Միլիոն Եւրօ Յաւելեալ Ելեւմտական Օժանդակութիւն Պիտի Յատկացնէ
ԻԹԱՐ-ԹԱՍՍ կը հաղորդէ, որ Եւրոպական Միութիւնը Մոլտաւիոյ 50 միլիոն եւրոյի յաւելեալ գումար մը պիտի յատկացնէ` աջակցելու համար Եւրոպական Միութեան համարկման ծիրին մէջ բարեփոխումներու իրականացումին:
ԻԹԱՐ-ԹԱՍՍ` յղում կատարելով Մոլտաւիոյ մէջ Եւրոպական Միութեան առաքելութեան ղեկավարին, կը նշէ, որ համապատասխան համաձայնագիրը պիտի ստորագրեն Մոլտաւիոյ վարչապետ Եուրի Լիանքէն եւ Եւրոպական յանձնաժողովի նախագահ Ժոզէ Մանուէլ Պարոզոն, որ չորեքշաբթի երեկոյեան ժամանած է Քիշնեւ:
«Եւրոպական յանձնաժողովի ղեկավարի այցելութիւնը աջակցութեան նշան է Մոլտաւիոյ հետ Ընկերակցութեան համաձայնագիրի` 27 յունիսին ստորագրման նախօրեակին», օդակայանին մէջ լրագրողներուն յայտնած է Մոլտաւիոյ մէջ Եւրոպական Միութեան առաքելութեան ղեկավարը:
Ըստ անոր, Պրիւքսէլի յատկացուցած ելեւմտական օգնութիւնը պիտի յատկացուի ուժանիւթի մարզի բարեփոխումներուն ու մոլտաւական գիւղերու զարգացման:

