Միացեալ Նահանգներու Արտաքին Գործոց Նախարարութեան Մէջ Քննարկած Են Ազրպէյճանի Ժողովրդավարութեան Խնդիրները

1206state_departmentԱզրպէյճանական Haqqin.az կայքը կը հաղորդէ, որ չորեքշաբթի օր Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան մէջ Ազրպէյճանի նուիրուած քննարկումներ կատարուած են:

Քննարկումները նուիրուած եղած են Ազրպէյճանի մէջ ժողովրդավարութեան վիճակի վատթարացման, քաղաքացիներու իրաւունքներու եւ ազատութիւններու ճնշման:

Զեկուցումներ ներկայացուցած են արտաքին գործոց նախարարութեան պաշտօնատարներ Թոմաս Մելիան եւ Էրիք Ռուպինը:

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարի օգնական Էրիք Ռուպին նշած է, որ Միացեալ Նահանգներ յոյսով կը նային Ազրպէյճանի հետ հետագայ համագործակցութեան: Ան նաեւ կարեւոր նկատած է Ազրպէյճանի դերը` իբրեւ ուժանիւթի մատակարար:

Սակայն արտաքին գործոց նախարարի տեղակալը ընդգծած է նաեւ մարդու իրաւունքներուն առնչուող խնդիրները:

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարի ժողովրդավարութեան եւ մարդկային իրաւանց հարցերով խորհրդական Թոմաս Մելիա ուշադրութիւն հրաւիրած է Ազրպէյճանի մէջ քաղաքական բանտարկեալներու մեծ թիւին վրայ:

Ան յիշեցուցած է, որ տակաւին բանտերուն մէջ կը գտնուին «ՌիԱԼ» շարժումի ղեկավար Իլկար Մամետով, Մուսաւաթ կուսակցութեան փոխնախագահ Թոֆիկ Եակուպլու եւ ուրիշներ:

Ըստ անոր, քաղաքական դրդապատճառներով ձերբակալութիւնները շատցած են 2009-ին պլոկըրներ Էմին Միլիի եւ Ատնան Հաճիզատէի ձերբակալութիւններէն ետք:

 

Share this Article
CATEGORIES