Լուկանսքի Ինքնահռչակ Հանրապետութիւնը Իր Անկախութեան Ճանաչման Խնդրանքով Այլ Երկիրներու Կողքին Դիմած Է Հայաստանին
Lenta.ru կայանը կը հաղորդէ, որ ինքնահռչակ Լուկանսքի Ժողովրդական Հանրապետութիւնը իր անկախութիւնը ճանչնալու խնդրանքով դիմած է 13 պետութիւններու եւ Ռուսիոյ դաշնութեան երկու շրջաններու:
Համապատասխան փաստաթուղթը հրապարակուած է 11 յունիսին:
Դիմումներ ուղարկուած են Ռուսիոյ, Աբխազիոյ, Պիելոռուսիոյ, Հարաւային Օսեթիոյ, Ղազախստանին, Մոլտաւիոյ Մերձտնեսթրեան Հանրապետութեան, Հայաստանին, Սուրիոյ, Սերպիոյ, Վենեզուելային, Չինաստանին, Քուպային, Նիքարակուային, ինչպէս նաեւ Ինկուշեթիոյ եւ Չեչենիոյ:
Լուկանսքի ինքնահռչակ հանրապետութեան Գերագոյն խորհուրդը իր դիմումին մէջ վկայակոչած է միջազգային իրաւունքի նախադէպերը, իրաւահաւասարութեան եւ ժողովուրդներու ինքնորոշման իրաւունքները:
CATEGORIES Միջազգային

