Տահեշ Մտադիր Է Գրաւել Պաղտատը
Իրաքի եւ Շամի իսլամական պետութիւն (ՏԱՀԵՇ) խմբաւորումի զինեալները, որոնք նախապէս գրաւած էին Մուսուլ եւ Թիքրիթ քաղաքները, մտադիր են գրաւել նաեւ Իրաքի մայրաքաղաք Պաղտատը:
Ամերիկեան «Սայթ» խմբակի տուեալներով` խմբաւորման բանբեր Ապու Մոհամետ Ատնանի զինեալներուն կոչ ուղղած է գրաւելու Պաղտատը: «Մարտեր տակաւին չկան, սակայն շուտով պիտի մոլեգնին Պաղտատի եւ Քարպալայի մէջ», նշած է Ատնանի` աւելցնելով, որ իրենք Պաղտատի մէջ հաշիւ ունին մաքրելիք: Ան Իրաքի վարչապետ Նուրի Մալիքին «սարսափելի ոչ ատակ» որակած է:
Իրաքի երկրորդ մեծագոյն քաղաքը նկատուող Մուսուլէն ետք չորեքշաբթի օր իշխանութիւնները հաղորդած էին Սալահէտտին նահանգի մայրաքաղաք Թիքրիթի անկման մասին: Սակայն «Մայատին» երէկ հաղորդեց, որ իրաքեան բանակը յաջողած է Թիքրիթը առնել իր ամբողջական վերահսկողութեան տակ:
«Արապիյա» հաղորդեց, որ բախումներ տեղի կ՛ունենան Պաղտատ, Սալահէտտին եւ Անպար նահանգներու սահմանային շրջաններուն մէջ: Տեղեկութիւններ կը հաղորդուին նաեւ, որ մարտեր տեղի կ՛ունենան Սամարրա քաղաքի մօտ, որ Իրաքի մայրաքաղաքէն 125 քիլոմեթր հեռաւորութեան վրայ կը գտնուի:
Մինչ այդ, «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ իրաքեան բանակին փախուստի դիմելէն ետք քրտական ուժերը Քերքուքը առած են իրենց ամբողջական վերահսկողութեան տակ: Կը հաղորդուի, որ Փեշմերկաները չեն մասնակցիր երկու կողմերուն միջեւ ընթացող մարտերուն, այլ կը բաւարարուին քրտական շրջաններուն ապահովութեան հսկելով:
Միւս կողմէ, «Էխօ Մոսքվի»` վկայակոչելով Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան յայտարարութիւնը, հաղորդեց, որ Միացեալ Նահանգներ պատրաստ են աջակցելու Իրաքին իսլամականներուն դէմ պայքարին մէջ: Նախապէս Իրաքի վարչապետը համապատասխան խնդրանքով դիմած էր Միացեալ Նահանգներուն:
Նախապէս ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդը դատապարտած էր իսլամական զինեալներու իրաքեան քաղաքներուն դէմ կատարած յարձակումը: ՄԱԿ-ի մէջ անհանգստացած են Մուսուլի շուրջ ստեղծուած մարդասիրական վիճակով: Շուրջ կէս միլիոն մարդ, ներառեալ` 65 հայ ընտանիքներ փախուստ տուած էին քաղաքէն:
Իրանի նախագահ Հասան Ռուհանի վստահեցուց, որ Իրան պիտի պայքարի ՏԱՀԵՇ-ի «բռնարարքին ու ահաբեկչութեան դէմ»: Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով յայտնեց, որ «մտահոգ ենք Իրաքի մէջ արձանագրուած դէպքերով»` աւելցնելով, որ «երկրին միութիւնը վտանգուած է»: Ան նշեց, որ Իրաքի մէջ պատահածը ամերիկեան բռնագրաւումի արկածախնդրութեան ձախողութիւնն է: Տումայի արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբի նախագահ Ալեքսէյ Փուշքով յայտնեց, որ Միացեալ Նահանգներու վարած քաղաքականութիւնը զինեալներուն կողմէ իրաքեան քաղաքներու գրաւման յանգեցաւ:
Բրիտանիոյ արտաքին գործոց նախարար Ուիլիըմ Հէյկ յայտարարեց, որ բրիտանական ուժերը Իրաքի մէջ պիտի չմիջամտեն:
Տաւութօղլու Կը Խոստանայ Ազատել
Պատանդ Բռնուած Աւելի Քան 100 Թուրքերը
Թրքական «Թէ.Ռէ.Թէ.Հապեր» հաղորդեց, որ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմեթ Տաւութօղլու յայտարարած է, որ Անգարա որեւէ միջոցով պիտի ազատէ Մուսուլի մէջ գերի վերցուած իր քաղաքացիները: «Ոչ ոք թող մեր համբերութիւնը չարաշահէ», ըսած է ան:
Ան նաեւ աւելցուցած է, որ իրենք պիտի չարտօնեն, որ Թուրքիոյ քաղաքացիները վնասուին ահաբեկչական խմբաւորումներու պատճառով:
Յիշեցնենք, որ թուրք պատանդներու շարքին է նաեւ Մուսուլի մէջ Թուրքիոյ հիւպատոսը, անոր ընտանիքը եւ հիւպատոսարանի անձնակազմը: Ըստ տարբեր տեղեկութիւններու, Մուսուլի մէջ առեւանգուած թուրքերուն թիւը կ՛անցնի 100-ը:
ԻԹԱՐ-ԹԱՍՍ հաղորդեց, որ Թուրքիոյ բեռնափոխադրողներու միջազգային ընկերակցութեան տնօրէններու խորհուրդի ղեկավար Ֆաթիհ Շեներ յայտարարած է, որ ՏԱՀԵՇ ազատ արձակած է 10 յունիսին առեւանգուած 28 թուրք վարորդները, սակայն ազատ արձակուելէ կարճ ժամանակ ետք անոնք առեւանգուած են ծայրայեղական այլ խմբաւորումներու կողմէ:
Ըստ Շեների, փոխադրող ընկերութիւնը արդէն կապուած է առեւանգողներուն հետ: «Բանակցութիւններ սկսած են փրկագին վճարելու համար: Այդ բանակցութիւնները այժմ կը շարունակուին», ըսած է ան:
Ըստ որոշ տուեալներու, վարորդներու ազատ արձակման համար ծայրայեղականները կը պահանջեն քանի մը միլիոն տոլար: Կը հաղորդուի, որ վարորդներէն մէկը յաջողած է հեռաձայնել իր հարազատներուն: Ան ըսած է, որ ծայրայեղականները զիրենք չեն չարչարեր, եւ առեւանգուած վարորդները բոլորն ալ ողջ-առողջ են:
ՕԹԱՆ-ի ընդհանուր քարտուղար Անտերս ֆոկ Ռասմուսեն պահանջեց անմիջապէս ազատ արձակել Թուրքիոյ քաղաքացիները եւ բացառեց Իրաքի մէջ ՕԹԱՆ-ի որեւէ դերակատարութիւն:

