Ապպաս Պատրաստակամութիւն Կը Յայտնէ Իսրայէլի Հետ Բանակցութիւնները Շարունակելու
Պաղեստինեան իշխանութեան նախագահ Մահմուտ Ապպաս յայտնեց, որ պատրաստ է պաղեստինեան պետութեան հաստատման համար շարունակելու Իսրայէլի հետ բանակցութիւնները, որոնց առաջին երեք ամիսները պէտք է յատկացուին սահմաններու հարցի քննարկման, ապա պէտք է քննարկուին վերջնական կարգավիճակի մնացեալ հարցերը:
Ապպաս իր ղեկավարած Ֆաթհ շարժումին խորհրդատու խորհուրդին առջեւ արտասանած խօսքին մէջ ըսաւ, որ բանակցութեանց սեղան վերադառնալու համար պէտք է ազատ արձակուին Օսլոյի համաձայնութենէն առաջ ձերբակալուած պաղեստինցիները, ինչպէս նաեւ Երուսաղէմի մէջ բնակեցման աշխատանքները պէտք է դադրին:
CATEGORIES Միջազգային

