ՄԱՐՈՆԻ ԵՊԻՍԿՈՊՈՍՆԵՐՈՒ ԽՈՐՀՈՒՐԴԸ ԿԱՌԱՎԱՐՈՒԹԵԱՆ ԿՈՉ Կ՛ՈՒՂՂԷ ՍՏԱՆՁՆԵԼՈՒ ԻՐ ՊԱՏԱՍԽԱՆԱՏՈՒՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ
Մարոնի եպիսկոպոսներու խորհուրդը երէկ Պքերքէի մէջ գումարեց իր ընթացիկ նիստը` նախագահութեամբ Պշարա Ռայի պատրիարքին:
Նիստին ներկայ գտնուեցաւ նաեւ Նասրալլա Սֆէյր նախկին պատրիարքը:
Նիստին ընթացքին քննարկուեցան Լիբանանը յուզող ազգային եւ կրօնական հարցերը:
Նիստէն ետք Մարոնի եպիսկոպոսներու խորհուրդը կոչ ուղղեց կառավարութեան ստանձնելու իր պատասխանատուութիւնները` Լիբանանի եւ շրջանին դիմագրաւած այս վտանգաւոր հանգրուանին ընթացքին:
Խորհուրդը շեշտեց, որ կառավարութիւնը պատասխանատու է կամրջելու լիբանանցիներուն կեցուածքները, միասնականացնելու լիբանանցիները եւ անոնց մատուցելու անհրաժեշտ բոլոր ծառայութիւնները:
Գերապայծառ Եուսեֆ Թաուք կարդաց Մարոնի եպիսկոպոսներու խորհուրդին հրապարակած հաղորդագրութիւնը, ըստ որուն կառավարութիւնը պէտք է գործադրէ միջազգային իր բոլոր պարտաւորութիւնները եւ միջազգային բանաձեւերը:
Մարոնի եպիսկոպոսներու խորհուրդը հաստատեց, որ Լիբանանի յատուկ Միջազգային դատական ատեանին կողմէ նախնական ամբաստանութեան հրապարակումը, որ զուգադիպած է կառավարութեան աշխատանքային ծրագիրի խորհրդարանական քննարկումի նիստերուն` խորացուցած է լիբանանեան քաղաքական ուժերուն միջեւ երկփեղկումը: «Հետեւաբար, մարոնի եպիսկոպոսները լիբանանցի քաղաքական բոլոր ղեկավարներուն կոչ կ՛ուղղեն պահպանելու երկրին ժողովրդավարութիւնը եւ կառչած մնալու երկխօսութեան` ջանալով մերձեցում մը ստեղծել քաղաքական տարբեր տեսակէտներուն միջեւ, ինչպէս նաեւ ճիգ չխնայելու ճշմարտութեան բացայայտման համար` արդարութեան բանեցման եւ երկրին մէջ սադրանքներուն կանխարգիլման նպատակով», նշեց Թաուք:
Մարոնի եպիսկոպոսներու խորհուրդը իր մտահոգութիւնը յայտնեց նաեւ տիրող շրջանային զարգացումներուն մասին եւ կոչ ուղղեց լիբանանցիներուն` մնալու իրենց երկրին մէջ եւ ամրապնդելու լիբանանեան ազգային միասնականութիւնն ու գոյակցութիւնը, որով կը յատկանշուի երկիրը: