ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԱԿԱՆ ՆԻՍՏԵՐՈՒՆ ԵՐԿՐՈՐԴ ՕՐԸ ՅԱՏԿԱՆՇՈՒԵՑԱՒ ՓՈԹՈՐԿՈՏ ՄԹՆՈԼՈՐՏՈՎ ԵՒ ՔՆՆԱՐԿՈՒՄՆԵՐՈՎ
Կառավարութեան վստահութեան քուէի շնորհման նիստերուն գումարումը շարունակուեցաւ երէկ:
Առաւօտեան ժամը 10:30-ին խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի պաշտօնապէս բաց յայտարարեց երրորդ նիստը, որուն ընթացքին առաջին խօսքը արտասանեց երեսփոխան Մոհամետ Հաժժար, որ յայտնեց, թէ կառավարութեան մաս կազմող նախարարները ոխակալ անձնաւորութիւններ են, որոնք ատելութիւն կը տածեն բոլոր անոնց նկատմամբ, որոնք իրենց կեցուածքներուն դէմ են եւ ունին իրենց ուրոյն տեսակէտները:
Հարկ է նշել, որ երկրորդ օրն ըլլալով ակներեւ դարձաւ, որ երեսփոխանները իրենց կեցուածքներուն ընդմէջէն կառավարութեան աշխատանքային ծրագիրը չէ, որ կը քննարկեն, այլ կ՛անդրադառնան Լիբանանի յատուկ Միջազգային դատական ատեանին եւ Դտմադրութեան զէնքին:
Առաւօտեան նիստը յատկանշուեցաւ նաեւ սուր բանավէճով, որ կրնար հասնիլ բախումի, եթէ խորհրդարանի նախագահն ու կարգ մը երեսփոխաններ չմիջամտէին:
Բախումը պիտի պատահէր երեսփոխաններ Խալետ Տահերի եւ Ասեմ Քանսոյի միջեւ:
Տահեր իր արտասանած խօսքին ընթացքին ակնարկեց Սուրիոյ իրադարձութիւններուն եւ անոր նախագահը կոչեց բռնատէր: Այս կեցուածքին իբրեւ հակազդեցութիւն, Քանսօ միջամտեց, սակայն Տահեր առիթ չտուաւ անոր պատասխանելու` նշելով, որ ան պէտք է իր հերթը սպասէ եւ ապա ըսելիքը ըսէ:
Իր խօսքը աւարտելէ ետք, երբ Տահեր վերադարձաւ իր տեղը, անոր պաշտօնակիցներէն` երեսփոխան Սամեր Սաատէ յայտնեց, որ Քանսօ զինք «շուն» անուանած է, ինչ որ Տահերը մղեց խօսք առնելու եւ Պըրրիին յայտնելու հետեւեալը. «Իմացայ, որ Քանսօ զիս շուն կոչած է. եթէ այդպէս է, ես կ՛ըսեմ, թէ ինքն է շունը»:
Այս յայտարարութեան պատճառով Քանսօ բորբոքեցաւ եւ ուզեց յարձակիլ Տահերի վրայ, սակայն խորհրդարանի նախագահն ու կարգ մը երեսփոխաններ զսպեցին զինք:
Երեսփոխան Հասան Ֆատլալլա արտասանեց խօսք մը, որուն ընդմէջէն ան բացայայտեց այն փաստաթուղթը, որուն անդրադարձած էր Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլա` անցեալ շաբաթ օր պատկերասփռուած իր ճառին ընթացքին:
Ֆատլալլա շեշտեց, որ այդ փաստաթուղթին մէջ յստակօրէն նշուած է, որ Հարիրի կը զիջի Միջազգային դատական ատեանին գործունէութենէն:
Ֆատլալլա նաեւ հաստատեց, որ յառաջիկայ հանգրուանին հետեւողական կերպով պիտի բացայայտուին շարք մը փաստաթուղթեր, որոնք կը գտնուին Հըզպալլայի մօտ:
Երեսփոխանը շեշտեց, որ ինք կը հպարտանայ զէնքի կուսակցութեան անդամ ըլլալու իր հանգամանքով` աւելցնելով, որ անհրաժեշտ է ապազինել այն ուժերը, որոնք հիւսիսային Լիբանանի մէջ վարչապետ Միքաթին դիմաւորեցին Պապ Թըպպանէի եւ Ժապալ Մըհսենի բախումներով:
Առաւօտեան նիստը փակուեցաւ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան երեսփոխան Զիատ Ասուատի խօսքով:
Երեկոյեան նիստը հանդարտօրէն սկսաւ ժամը 5:00-ին, սակայն շուրջ երկու ժամ ետք նիստը փոթորկեցաւ եւ վերածուեցաւ փոխադարձ ամբաստանութիւններու, երբ Մուսթաքպալ հոսանքի երեսփոխան Նուհատ Մաշնուք արտասանեց իր խօսքը:
Մաշնուքի հրահրիչ խօսքին իբրեւ հակազդեցութիւն բարկացաւ առողջապահութեան նախարար Ալի Հասան Խալիլ, որ հաստատեց, որ կարելի չէ լիբանանեան խորհրդարանին մէջ ցեխարձակումներ կատարել բարեկամ եւ եղբայր երկրի մը դէմ: Ալի Հասան Խալիլի ձայնակցեցաւ նաեւ երեսփոխան Քասեմ Հաշեմ, որոնք միասնաբար մերժեցին Մաշնուքի յայտարարութիւնները, որոնք Սուրիոյ եւ Հըզպալլայի դէմ յարձակումներ կը նկատուէին:
Մաշնուքի արտասանած խօսքէն ետք, Հաւատարմութիւն դիմադրութեան երեսփոխան Նաուաֆ Մուսաուի յայտնեց, որ Մաշնուքի խօսքը ինքնին սադրանք մըն է. ան աւելցուց, որ իրենք որոշած են խուլ ձեւանալ` չբռնկեցնելու համար նիստը, սակայն կան յայտարարութիւններ, որոնք ինքնին սադրանքներ են եւ կարելի չէ անոնց նկատմամբ նոյնպէս խուլ ձեւանալ, «յատկապէս կարելի չէ արտօնել, որ գաղտնի սպասարկութեան գործակալ մը լիբանանցիներուն միջեւ սադրանքներ հրահրէ», ըսաւ Մուսաուի:
Մուսաուիի այս յայտարարութենէն ետք երեսփոխաններ Ժամալ Ժարրահ եւ Հատի Հպէյշ բարկացան եւ սուր բանավէ ճ մը արձանագրուեցաւ խորհրդարանին մէջ:
Խորհրդարանի նախագահը հանդարտեցուց խորհրդարանը` շեշտելով, որ նիստին ընթացքին տիրած մթնոլորտը կ՛ապացուցէ, որ Լիբանան կարիքը ունի իսկական հաշտութեան: Ան հաստատեց, որ երկրին խորհրդարանը պատասխանատու է այդ հաշտութեան: Պըրրի նկատել տուաւ, որ պէտք է նկատի ունենալ նաեւ լիբանանեան հանրութիւնը, որ կը հետեւի այս նիստերուն, եւ յաւելեալ հրահրումներ պէտք չէ կատարել այս իմաստով:
Երեկոյեան նիստին ընթացքին խօսք առաւ Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի ընդհանուր քարտուղար, երեսփոխան Իպրահիմ Քանաան, որ շեշտեց, թէ ընդդիմութիւնը չի վարուիր իբրեւ կառուցողական ընդդիմութիւն:
Ան նշեց, որ նորակազմ կառավարութեան աշխատանքային ծրագիրին եւ նախորդ կառավարութիւններուն աշխատանքային ծրագիրներուն միջեւ նմանութիւնները մեծ են: Ան հարց տուաւ, թէ արդեօք Լիբանանի մէջ զէնքին գոյութիւնը արգիլա՞ծ է լիբանանեան պետութեան հիմնումը` աւելցնելով, որ ի՞նչ կարելի է ըսել շահագործող դրամագլուխի եւ հաշուետուութեան ընդդիմացող պետութեան մասին:
Քանաանի կատարած յայտարարութիւններուն ընդդիմացան Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերը ներկայացնող երեսփոխաններ, որոնք ընդմիջեցին անոր խօսքը: Քանաան նկատել տուաւ, որ ընդմիջումները յստակ փաստեր են, որ հակառակորդ քաղաքական ուժերը շփոթի մատնուած են:
Միւս կողմէ, Քանաան իր խօսքին մէջ շեշտեց, որ նահատակներուն թափած արիւնը կարելի չէ իբրեւ վառելանիւթ օգտագործել տարբեր պետութիւններու միջեւ խաղին մէջ: Հետեւաբար, ան պահանջեց վերջ տալ նահատակներուն յիշատակը քաղաքական բախումներուն մէջ շահագործելու գործելաձեւին:
Երեկոյեան նիստին վերջին խօսքը արտասանեց երեսփոխան Ըսթֆեն Տուէյհի, որ իր վստահութեան քուէն շնորհեց կառավարութեան` շեշտելով, որ վարչապետ Նեժիպ Միքաթի ազգային միասնականութեան պահպանումին երաշխիքն է: Ան շեշտեց, որ Լիբանանի էութիւնը վտանգուած է` աւելցնելով, որ պէտք է զգուշանալ ամերիկեւիսրայէլեան ռազմավարական ծրագիրէն, որ կը միտի շրջանին մէջ սիւննի-շիի բախումներ հրահրել:
Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երեկոյեան ժամը 9:30-ին յայտարարեց չորրորդ նիստին աւարտը` շեշտելով, որ երկօրեայ նիստերուն ընթացքին խօսք առնող երեսփոխաններուն թիւը հասած է 50-ի: Ան նշեց, որ կառավարութեան վստահութեան քուէի շնորհման նիստը այսօր պիտի սկսի առաւօտեան ժամը 10:30-ին` աւելցնելով, որ այդ նիստին խօսքեր պիտի արտասանեն միայն 8 երեսփոխաններ: Պըրրի նախատեսեց, որ վարչապետ Միքաթիի կառավարութեան վստահութիւն շնորհելու քուէարկութիւնը կատարուի այսօր յետմիջօրէի ժամը 1:30-ին:



