50 ՏԱՐԻ ԱՌԱՋ ( 8 ՅՈՒԼԻՍ 1961 )

ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԿԵԱՆՔ

ԿԱՐՏԻՆԱԼ ԱՂԱՃԱՆԵԱՆ
ԻՐԼԱՆՏԱՅԻ ՄԷՋ

Ս. Պատրիկի տօնին առիթով, յունիս 17-ին, իբրեւ պապի փոխանձն պատուիրակ, Իրլանտա գացած է կարտինալ Աղաճանեան եւ արժանացած` մեծաշուք ընդունելութեան:

Յունիս 18-ին հայ կարտինալը պատարագած է  Մէյնութ քոլեճին մէջ` ի ներկայութեան հոգեւորական եւ աշխարհական բարձրաստիճան անձերու: Պատարագած է նաեւ Ուխալենտ Ռոյի Ս. Անդրէաս եկեղեցիին մէջ: Ամէնուրեք կարտինալ Աղաճանեան արժանացած է բացառիկ պատիւներու:

«ՅՈՒՍԱԲԵՐ»Ի ՓԱՅԼՈՒՆ
ՊԱՐԱՀԱՆԴԷՍԸ

Անցած շաբաթ օր, 1 յուլիս, «Յուսաբեր»ի տան դալար տանիքին վրայ տեղի ունեցած է «Յուսաբեր»ի տարեկան պարահանդէսը` համակիրներու եւ բարեկամներու ընտրեալ հոծ բազմութեան մը ներկայութեան:

Ընտանեկան շէնշող ու ջերմ մթնոլորտի մը մէջ երեկոյթը տեւած է մինչեւ առաւօտ եւ` բարոյական ու նիւթական փայլուն յաջողութիւն մը արձանագրած:

ՁԵՌՆԱԴՐՈՒԹԻՒՆ
ՊԱՏ. ՎԱՀԱՆ ԹՈՒԹԻԿԵԱՆԻ

Գահիրէի Հայ աւետարանական ժողովական եկեղեցիին մէջ յուլիս 2-ին արժանավայել շուքով ձեռնադրութիւնը կատարուած է պատուելի Վահան Թութիկեանի, որ ստացած է վերապատուելիի աստիճան: Ձեռնադրութիւնը կատարուած է եօթը վերապատուելիներու կողմէ, կրօնական յուզիչ արարողութեամբ, վեր. վեր. Հ. Համբարձումեան, Յ. Ահարոնեան, Ա. Հատիտեան, փրոֆ. Ճ. Մարգարեան, որոնք յատկապէս հրաւիրուած էին:

ՏԵՐԵՒԱԹԱՓ

Միացեալ Նահանգներու Նորթ Էտեմս քաղաքին մէջ յանկարծամահ եղած է վանեցի ընկ. Գէորգ Սանտրագործեան: Հին ու հաւատարիմ դաշնակցական մըն էր, որ շատ կանուխէն մտած էր շարքերը եւ կատարած` իր ազգային ու կուսակցական պարտականութիւնները: Տարիներով աշխատած է Էջմիածնի տպարանին մէջ: Գրասէր եւ ջերմ ընթերցող:

Մեռնելէ առաջ նամակով մը դիմած էր Ամերիկայի Կ. կոմիտէին` առաջարկելով, որ իր գիրքերը տրամադրուին ազգային յարմար հաստատութեան մը:

Ֆրեզնոյի մէջ ալ կարճատեւ հիւանդութենէ մը ետք մեռած է ՀՕՄ-ի գործօն անդամուհիներէն Մանիշակ Գավաֆեան:

«ՔՆԱՐ» ԵՐԳԻ-ՊԱՐԻ ԽՈՒՄԲԻՆ
ԵԼՈՅԹՆԵՐԸ

Համազգայինի Էշրեֆիէի մասնաճիւղին «Քնար» հայ երգ ու պարի խումբին տարեկան ելոյթը տեղի ունեցաւ յաջորդաբար կիրակի 11 եւ երեքշաբթի 13 յունիս 1961-ի երեկոյեան ժամը 9:00-ին, «Քոլեժ տը Սալի» սրահին մէջ, եւ շաբաթ 17 յունիսի երեկոյեան նոյն ժամուն` Պուրճ Համուտի «Գերմանիկ» շարժանկարի Լիբանանի մեծագոյն սրահին մէջ: Բոլոր ելոյթներն ալ տեղի ունեցան խուռն բազմութեան ներկայութեամբ: Վերջինը կազմակերպուած էր Մեթնի գայմագամութեան կողմէ զբօսաշրջութեան ամսուան առիթով: Սոյն երեկոյթին գայմագամութեան կողմէ հրաւիրուած էին երկու հարիւրի մօտ տեղացի եւ օտար անձնաւորութիւններ: Ներկայ էր անձնապէս Մեթնի գայմագամ Պուրճ Համուտի: Ներկայ էին Պուրճ Համուտի քաղաքապետ Լութֆիկ Ներկիզեան, երեսփոխաններ` Մովսէս Տէր Գալուստեան, Խաչիկ Պապիկեան եւ Վարդգէս Շամլեան, լիբանանահայոց առաջնորդ Խորէն արք. Բարոյեան եւ տարբեր համայնքներու պետերը:

Հայ երգ ու պարի խումբը, ղեկավարութեամբ տէր եւ տիկին տոքթ. Վարդգէս Աբրահամեաններու, երեք երեկոներուն ալ գործադրեց նոյն յայտագիրը. տուաւ չորրորդ համերգ մը ուսանողներու համար` 11 յունիսին:

Անտեղի պիտի ըլլար մի առ մի յիշատակել յայտագրին մաս կազմող երգերն ու պարերը, որոնցմէ ոմանք նախորդ տարիներուն ժողովուրդէն մեծապէս գնահատուած ըլլալով` մաս կազմած էին նաեւ այս տարուան երեկոյթի յայտագիրին, ինչպէս` «Ռուսական պար», մենապարողներ` Պ. Գարագաշեան (նախկին Արզումանեան), Ա. Լիպարիտեան եւ Ա. Չորպաճեան: «Հունգարական պար», յղացում` Մ. Տարիգոյի (յայտագիրի միակ պարն է, որ յղացումը չէ պարուսոյց Էկլանթին Աբրահամեանի: Ռուսական զոյգ պար` Պայծառ Գարագաշեանի եւ Հայկազ Սողոմոնեանի կատարմամբ: «Ղափամայ» ժողովրդական երգն ու պարը: «Հոպ եարօ ջան», մեներգ` Է. Մանուկեանի, «Զանգեզուրի» ժողովրդական մենապարը` Թ. Աբրահամեանի կատարմամբ:

Նոր երգերէն ու պարերէն յիշատակելի յաջողութիւն ունեցան «Անուշ Հայաստան»ը, դաշնաւորում` տոքթ. Վ. Աբրահամեանի, քառաձայն երկսեռ երգչախումբի եւ նուագախումբի կատարմամբ, հայրենասիրական եռանդուն երգ մը, որ սահմանուած է ապրելու: Հիանալի պար մըն էր Ա. Մերանկիւլեանի «Հովիւների պար»ը, որ միշտ կրկնութեան արժանացաւ: Հաճելի նորութիւններ էին «Էս օր ուրբաթ է», մշակում` Թ. Ալթունեանի, խումբի ամբողջ կազմին կատարմամբ. յաջող երգեր էին` «Աղջիկն ու ջաղացպան»ը, մեներգողներ` Է. Մանուկեան եւ Գ. Սրապեան, «Տույ-տույ», մշակում` Թ. Ալթունեան, մեներգողներ` Ս. Մինասեան եւ Զ. Ալտըրմըշեան, «Սարի գեալին»` Կ. Զաքարեան, մեներգողներ` Ս. Մինասեան եւ Գ. Սրապեան: Փոքրիկն Նուպարիկ Աբրահամեան ռուսական պարով հանդիսականներու գնահատանքին արժանացաւ:

Նոր իրագործումներու մէջ սքանչելիք մըն էր «Շալախօ» զոյգ պարը, որ հիանալիօրէն պարեցին Թ. Աբրահամեան եւ Մ. Չոլաքեան:

Ընդհանուր առմամբ ձախող երգուեցաւ «Իմ եարը գալիս ա» խմբերգը, մշակում` Թ. Ալթունեանի: Ա. Տիգրանեանի «Հովիւներու պար»ը պարողները ոչ մէկ անգամ չկրցան անսխալ պարել:

Յայտագրի եզրափակիչ «Սիրեմ կը» երգն ու պարը մշակում` Թ. Ալթունեանի, խումբին լաւագոյն իրագործումներէն մէկն է, որ միշտ կրկնութեան արժանացաւ:

Կ.

Share this Article
CATEGORIES