Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
ԽՈՅ (21 Մարտէն 20 Ապրիլ)
Ձեր պաշտօնական թուղթերը դասաւորեցէք, որպէսզի երբ կարիքը զգացուի, շուտով ձեռք առնէք` առ որ անկէ ներկայացնելու համար: Թափթփած ըլլալը կը խանգարէ աշխատանքը:
ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս)
Պայմանագրութիւն մը պիտի ստորագրէք ասպարէզի վերաբերեալ: Լաւ նկատի առէք ներկայացուած պայմանները, որպէսզի հետագային անորոշ կէտ մը չմնայ:
ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս)
Ապահովագրական գրասենեակին հետ ձեր պարտաւորութիւնը յարգեցէք: Օրուան ընթացքին պիտի կարենաք իրագործել այն, ինչ որ որոշած էիք կատարելու:
ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 Յունիսէն 23 Յուլիս)
Ժամադրութիւն մը պիտի յետաձգուի կամքէ անկախ պատճառներով: Այս յետաձգումը ի նպաստ ձեզի է, հետեւաբար աւելի լաւ պատրաստուեցէք ներկայանալուն:
ԱՌԻՒԾ (24 Յուլիսէն 23 Օգոստոս)
Եթէ եկամուտը նուազած է գործի պարագային, արձակուրդ մը առէք, մինչեւ որ յստականայ նոր ծրագրին պայմանները` նոր աշխատանքի սկսելու համար:
ԿՈՅՍ (24 Օգոստոսէն 23 Սեպտեմբեր)
Հոգեմտաւոր տրամադրութեամբ աշխատանք կատարելու առիթը եկած է: Ձեր որոշումները յստակ են, հետեւաբար կեդրոնացէք տուեալ գործունէութեան վրայ:
ԿՇԻՌՔ (24 Սեպտեմբերէն 23 Հոկտեմբեր)
Գործի նոր առաջարկ մը պիտի ստանաք: Եթէ նիւթական պայմանները նուազ արժէք ունին, մի՛ մերժէք: Այսօր քիչ, վաղը շատ կրնաք շահիլ: Հետեւեցէք օրուան պահանջին:
ԿԱՐԻՃ (24 Հոկտեմբերէն 23 Նոյեմբեր)
Հարցեր ունիք արծարծելու` ձեր ասպարէզին վերաբերեալ: Օրը յարմար է ստուգումներ կատարելու եւ ճշմարտութիւնը երեւան բերելու: Արդար եղէք:
ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 Նոյեմբերէն 21 Դեկտեմբեր)
Կը պատրաստուիք ճամբորդութիւն մը կատարելու, բայց նախ ճշդեցէք ձեր երթալիք վայրին պայմանները, յարմարութիւնները եւ ըստ այնմ ոտքի ելէք:
ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 Դեկտեմբերէն 20 Յունուար)
Գումար մը պիտի տրամադրէք բարեսիրական ծրագրի մը համար: Ըրէք այնպէս, որ ձեր տուածը չվնասէ ձեր պիւտճէին: Զգուշ եղէք ամէն պարագայի:
ԾՈՎԱՆՈՅՇ (21 Յունուարէն 19 Փետրուար)
Բնութեան օրէնքներուն հետեւեցէք, ոչ միայն կլիմայական, այլ` հոգեբանական իմաստով: Օրը ունի բարի երեւոյթներ, օգտագործեցէք առանց վհատելու:
ՁՈՒԿ (20 Փետրուարէն 20 Մարտ)
Կարիքաւոր անձի մը օգնելու առաջարկ պիտի ստանաք, ինչ որ կրնաք, այդքան ըրէք, բայց մի՛ մերժէք: Ապագայի ձեր ծրագիրը այսօր պէտք է որոշէք:

