50 Տարի Առաջ (14 Յունիս 1964)
Տոմսեր
Մեղաւորը… Ստեփա՞նն Է
Կիպրոսի տագնապին մէջ Թուրքիա կը նմանի թակարդը ինկած մուկի մը որ ելքի միջոց չունենալով` գլուխը անդադար թակարդի թելերուն կը զարնէ: Բայց` ի զո՜ւր:
Թակարդի դրան առջեւ պահակ կը սպասէ յունական «կատու»-ն` ճանկերը սրած ու պատրաստ:
Միւս կողմէ` ամերիկեան վեցերորդ նաւատորմը արգելք կը հանդիսանայ մուկերու Կիպրոս ցամաքահանումին:
Թուրքիոյ նախագահ Ճեմալ Կիւրսել` թակարդին մէջէն կը գանգատի… իր նախարարներուն.
Ամէն գլխէ սկսած է ձայն մը ելլել Կիպրոսի վէճին առիթով: Ամէն ոք եթէ իր քիթը խոթէ այս հարցին մէջ, գործը կը կաղայ»:
Թակարդին միւս ծայրէն վարչապետ Ինէօնիւ կը յայտարարէ.
– Կիպրոսը պիտի չտանք. Թուրքիա ոչ մէկ ատեն պիտի կորսնցնէ կղզին: Բնաւ պիտի չլքենք զայն:
Եթէ խօսքով կարելի՜ ըլլար մուկը թակարդէն հանել…
Կը մնայ կոչ ուղղել… փոքրամասնութիւններու հայրենասիրութեան:
Իսկ այս օրերուն, գիտէ՜ք արդէն, Թուրքիոյ մէջ հայրենասիրութեան թիւ մէկ փաստն է… սուրճ չխմել:
Պոլսեցի սրճարանատէր Ստեփան Նազարօղլու, հետեւելով թուրք կառավարութեան հայրենասիրական թելադրութեան, իր յաճախորդներուն առաջարկած է «թէյ խմել` փոխանակ սուրճի»: Այս առաջարկին վրայ երկու թուրք յաճախորդներ ալ իրե՛նց հայրենասիրութեան փաստը տուած են… յարձակելով ոճրագործ Ստեփանին վրայ եւ «չարաչար ծեծած են զայն», ինչպէս կը գրէ «Մարմարա»:
Յարձակող թուրքերը ոստիկանատան մէջ յայտարարեր են.
– Սուրճի չգոյութենէն եւ Կիպրոսի տագնապէն ազդուած էինք ու յարձակեցանք Ստեփանին վրայ:
Այս քանի մը բառով թշուառականները բացատարած կ՛ըլլան Թուրքիոյ ամբողջ պատմութիւնը…
Սուրճ չկա՞յ, Կիպրոսը չե՞ն կրնար գրաւել` Ստեփա՜նն է մեղաւորը…
ԳԻՍԱՒՈՐ
Կին Եւ Սէր
Մարդ աւելի վստահութիւն պէտք է ունենայ իր շան վրայ, քան թէ` իր կնոջ, որովհետեւ երբեմն շունը հաւատարիմ կը մնայ մինչեւ մահ, մինչդեռ կինը` հազուադէպօրէն կամ երբեք:
Հելվեթիոս
Գեղեցկութիւնը յանձնարարական նամակ մըն է զոր բնութիւնը աչքերը գոց կու տայ փոքրաթիւ բախտաւոր կիներու:
Վուաթիւր
Եթէ ինծի ըսեն, թէ կայ լեզու չունեցող կին մը, որ կը խօսի եւ նոյնիսկ կը շատախօսէ, պատրաստ եմ հաւատալու: Սակայն երբեք պիտի չկրնամ ընդունիլ թէ կայ կին մը, որ թէեւ լեզու ունի, բայց եւ այնպէս կրցած է մէկ անգամ լռել կեանքին մէջ:
Տիկին Սթաէլ
Փոքրիկ, բոկոտն ու կոյր աստուածը` Աստղիկի խորամանկ եւ ապօրէն զաւակը, որուն չար ձեռքը մեր սիրտերը կը բզկտէ, գիշեր ու ցերեկ կը վազէ ամէն կողմ եւ իր նետերով ամէնուն աչքերը կը հանէ, իր կուրութեան վրէժը լուծելու համար:
Շէյքսփիր
Սէ՛ր, բռնակալ ես դուն եւ ատոր համար կ՛ատեմ քեզ: Կը փճացնես առաքինութիւնը եւ միշտ հետդ քարշ կու տաս թերութիւնները, ոճիրը, մահը: Երանի կու տամ անոնց, որոնք երբեք չեն փորձած քաղցր բայց աղիտաւոր զօրութիւնդ:
Վոլթեր
Գինիով արբեցող մարդը դիակ կը դառնայ, իսկ սիրով արբեցողը խենթ կ՛ըլլայ:
Պէյքըն
Իրական սէր կը զգայ միայն ան, որ միակ անձ մը կը սիրէ: Ով որ կ՛ըսէ, թէ միեւնոյն ատեն շատ մը անձերու սիրահարած է, այլասերած հոգի մըն է:
Մ. Փուշանել
Գրող կինը երկու չարիք կը գործէ: Գիրքերուն թիւը կ՛աւելցնէ եւ կիներուն թիւը կը պակսեցնէ:
– Կիները պէտք է հագուած ըլլան, որպէսզի այրերը զանոնք մէյ մէկ Աստիկ (Աֆրոտիթէ) երեւակայել կարենան:
Պեռնար Շօ
Մայիս 28-ը
«Հայաստան» Քեմփի Մէջ
Նախագահած Է Ընկ. Օզանեան Եւ Բանախօսած`
Ընկ. Խաթանասեան
«Հայրենիք»-ի 9 յունիսի թիւին մէջ կը կարդանք.,
Կիրակի «Հայաստան» քեմփի մէջ մեծ շուքով տօնուեցաւ Հայաստանի անկախութեան 46-րդ տարեդարձը` կազմակերպութեամբ Մեծագոյն Պոսթընի ՀՅԴ Միջկոմիտէականին:
Հացկերոյթը սկսաւ տէր Թորգոմ քհնյ. Յակոբեանի օրհնութեան աղօթքով եւ «Հայր մեր»-ով:
Հանդէսի պաշտօնական մասը բացաւ միջկոմիտէականի ատենապետ Մկրտիչ Յարութիւնեան, որ հակիրճ բառերով իր ուրախութիւնը յայտնեց ժողովուրդի խուռներամ ներկայութեան համար ու նաեւ շնորհակալութիւններ` ճաշին սպասարկող Ս. Ստեփանոս եկեղեցւոյ Տիկնանց միութեան: Այնուհետեւ օրուան նախագահութիւնը վարելու հրաւիրեց վաստակաւոր ընկեր Մերուժան Օզանեանը, որ ձեռնհասօրէն կատարեց իր պաշտօնը` բացման խիստ տպաւորիչ ճառ մը խօսլով:
Ներկաները վայրկեան մը յոտնկայս յարգեցին յիշատակը մայիսեան յաղթական կռիւներուն նահատակուած հերոսներուն եւ երգեցին «Մեր հայրենիք»-ը:
Եղան ուղերձներ ՀՕՄ-ի (Զապէլ Սեմերճեան), ՀԵԴ կողմէ (Կեդր. վարչութեան ատենապետ Պերճ Ղարիպեան):
Օրուան գլխաւոր բանախօս ընկ. բժիշկ Երուանդ Խաթանասեան սպառիչ ճառով մը ծանրացաւ հայ ժողովուրդի գոյատեւելու գաղտնիքին ու այս երեւոյթը բացատրեց այն միասնականութեամբ, որ միշտ ի յայտ եկած է ճգնաժամային պահերուն:
Գործադրուեցաւ նաեւ գեղարուեստական ճոխ յայտագիր մը, որուն մասնակցեցան Գէորգ Պուրսալեան (Ուստրէն)` երկու երգով, Ռոզ Լալազարեան երգով եւ Անահիտ Գունտագճեան արտասանութեամբ: Ունկնդրուեցան երկու հայաստանեան երգապնակներ` Յովհ. Պատալեանի կատարմամբ:
Փակման խօսքը ըրաւ գաղութիս հովիւ տէր Թորգոմ քհնյ. Յակոբեան, հակիրճ այլ ոգեշունչ բառերով ողջունեց մայիսեան պանծալի օրը, օրհնելով այն կազմակերպութիւնը, որ գլխաւոր դարբինը հանդիսացաւ ատոր: «Պահպանիչ»-ով փակուեցաւ այս փառահեղ հանդիսութիւնը:

