Աշխարհի Ամէնէն Հին Տաբատը

Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ

Manga_dapadԻնչպէս ներկայիս շինուած մեծ թիւով առարկաները, հագուստները, մեքենաները, ան ալ շինուած է Չինաստանի մէջ… Սակայն 3000 տարիներ առաջ: Զայն ուսումնասիրելով մասնագէտները հասկցած են, թէ ինչո՛ւ տաբատը փոխարինած է երկար հագուստը կամ փէշը:

Մենք գիտենք, թէ հազարաւոր տարիներ առաջ, այր մարդոց պարագային նորոյթ էր անասունի մորթով հագուստը: Նոյնիսկ կերպասին յայտնաբերումէն ետք, այր մարդիկը շարունակեցին հագուիլ հագուստներ, պատմուճաններ եւ փէշեր: Սակայն այժմ տաբատը դարձած է գրեթէ միջազգային օրէնք մը (բացի սկովտիական քիլթ փէշէն, ափրիկեան պուպուէն կամ արաբական երկար զգեստէն): Այժմ, նոյնիսկ աղջիկները տաբատ կը հագուին: Սակայն ճիշդ ո՞ր թուականին յայտնաբերուած է տաբատը եւ ինչպէ՞ս ան կրցած է իր մրցակիցներուն տեղը առնել: Գերմանացի գիտնականներ այս երկու հարցումներուն պատասխանները գտած են:

* * *

Ըստ Պերլինի հնաբանութեան կեդրոնին կողմէ կատարուած ուսումնասիրութիւններուն, մինչեւ օրս գտնուած ամէնէն հին տաբատը 3000 տարեկան հին է: Ան գտնուած է Չինաստանի արեւմուտքը` Զինժիան շրջանին մէջ: Այս ձեւով ան կ՛առնէ տեղը նախկին ամէնէն հին 2400 տարուան տաբատին, որ գտնուած էր Նեփալի մէջ: Ան շինուած է բուրդէ, ասեղնագործուած եւ շատ լաւ վիճակի մէջ պահուած: Մասնագէտները նոյնանման նմոյշ մը շինած են եւ զայն փորձած: Անոնք գլխաւորաբար նշմարած են, թէ այս տաբատը քալելու շատ հանգիստ չէր, որովհետեւ ոտքերուն միջեւ կտորը աւելի լայն էր: Ինչո՞ւ: Հաւանաբար այդ բաժինը աւելի պահպանելու համար ձիուն վրայ երկար ժամանակ անցընելու ընթացքին: Հագուստ մը կամ փէշ մը յարմար կրնան ըլլալ քալելով տեղափոխութիւններուն ընթացքին սակայն ոտքերուն վերի ներքին բաժինը, ինչպէս նաեւ փորին վարի մասը անդադար շփումի կ՛ենթարկուին ձիաւորներուն մօտ:

Հետեւաբար, տաբատին յայտնաբերումը շատ մօտէն կապուած է ձիուն գործածութեան: Այն գերեզմանները, ուրկէ գտնուած են այս տաբատը եւ անոր նմանը, բայց նուազ հին տաբատներ, կը պարունակէին նաեւ ձիարշաւարութեան առարկաներ: Հետաքրքրական է, թէ ինչպէս քանի մը հազարամեակներ ետք այս տեսակի տաբատները դարձեալ նորոյթ են, յատկապէս երիտասարդ կարգ մը երգիչներու մօտ: Սակայն գիտութիւնը տակաւին ոչ մէկ բացատրութիւն գտած է այս երեւոյթին:

 

Աշխարհի Ամէնէն Մեծ Հոյամողէ՞սը

Manga_hoyamoghesԱն 14 փիղի չափ ծանր է, երկար` 4 փոխադրակառքերու չափ եւ բարձր` 7 յարկանի շէնքի մը չափ: Ո՛չ, ան Կոտզիլլան չէ, այլ նոր հոյամողէզ մը: որ յայտնաբերուած է Արժանթինի մէջ, Հարաւային Ամերիկա: Ասիկա մրցանիշ մըն է այդ նախապատմական հսկայ անասուններու աշխարհին մէջ:

Մայիսին արժանթինցի հնաբանները յայտարարած են, թէ անոնք Փաթակոնիոյ մէջ գտած են աշխարհի ամէնէն մեծ հոյամողէսի մնացորդները: Անոնք տակաւին լման կմախք մը չեն գտած, սակայն գտած են բազմաթիւ ոսկորներ. անոնց մէջ մէջ կը գտնուի զիստի մը 2,40 մեթր բարձրոսկորը: Այս ոսկորն էր, զոր գիւղացի մը 2008-ին նշմարած էր իր դաշտին մէջ: Ըստ մասնագէտներուն հաշիւներուն, անասունը հաւանաբար կը կշռէր 80 թոն եւ ունէր 40 մեթր երկայնք: Այս ձեւով ան կը գտնուի սորոփոտներուն գլուխը. սորոփոտները Ժուրասիք եւ Սեթասէ ժամանակաշրջաններուն ապրող երկար վիզով եւ չորս ոտքերով խոտակեր հսկայական հողամողէսներ էին:

* * *

Մեր այս հսկայ բարեկամը հաւանաբար ապրած էր 95 միլիոն տարիներ առաջ, այսինքն հոյամողէսներուն անհետացումը 30 միլիոն տարիներ առաջ: Այդ ժամանակաշրջանին Փաթակոնիի շրջանը ծածկուած էր աւելի քան 15 մեթր բարձր ծառերով. այս ձեւով խոտակեր մեծ հոյամողէսները կրնային սնանիլ տերեւները ուտելով: Այս անասունները խումբով կը շրջէին ներկայի խոտակեր հօտերուն նման, ինչպէս` փիղերը: Այդ հսկայական ոսկորին շուրջ գտնուած ոսկորներու մնացորդները կը պատկանին եօթը տարբեր անասուններու: Մասնագէտները կը հաւատան, թէ շրջանին մէջ տակաւին կան հարիւրաւոր թաղուած բրածոներ:

***

Մասնագէտները կը հաւատային, որ ան մինչեւ օրս մեզի ծանօթ «մեծագոյն օրինակն» է: Սակայն ուրիշ գիտնականներ աւելի մանրամասն ուսումնասիրութիւններու կը սպասեն համաձայն ըլլալու համար:

1989 թուականին արդէն Արժանթինի մէջ գտնուած էր քիչ մը նուազ հսկայ հոյամողէսի մը կմախքը (30 մեթր երկայնք): Սակայն այդ հողամողէսը, որ անուանուեցաւ Արժանթինոսորուս, նուազ ամբողջական էր, քան տիտղոսը կրող նոր ախոյեանը:

 

Անհաւատալի, Բացյ Իրաւ

– Մեր շրթունքները չեն քրտնիր:

– Գոյութիւն ունի աւստրալիական օրքիտէի տեսակ, որ իր ամբողջ կեանքը գետնին տակը կ՛անցընէ:

– Վարունգի մը ներսի մասը կրնայ դուրսի մթնոլորտի ջերմաստիճանէն 11,1 աստիճան աւելի պաղ ըլլալ:

– Կոկորդիլոսը կրնայ շնաձուկ մը ուտել:

– Կարգ մը սարդերու ուղեղը կը հասնի մինչեւ անոնց ոտքերուն:

1406anhavadali-1

 

 

 

 

 

 

– Չինացիները շատ կը սիրեն ուտել թռչունի բոյնով շինուած ապուր:

1406anhavadali-2

 

 

 

 

 

– Ճափոնի 8-րդ դարու Թոտայճիի տաճարին շինարարութեան աշխատանքներուն մասնակցեցան մօտաւորապէս 2,6 միլիոն գործաւոր:

– Միլիառաւոր տարիներ առաջ երկրագունդի ջերմաստիճանը կը հասնէր 2038 աստիճանի, ութը անգամ աւելի տաք, քան խորովածի կրակ մը:

– Չինաստանի մէջ մօտաւորապէս 235 տարբեր լեզուներ կը խօսուին:

– Գերմանացի մը նոյն ինքնաշարժը 23 տարի քշելով կտրեց 804,672 քմ: Այս հեռաւորութիւնը կը համապատասխանէ երկրագունդին շուրջ 20 անգամ դառնալուն:

– Երկրագունդին վրայ բոլոր չափահասները միասին կը կշռեն մօտաւորապէս 316 միլիոն թոն:

– Փորթուքալի մէջ անքաղաքավար կը յամարուի կարմիր մելանով գրելը:

– Ռնգեղջիւրներուն եղջիւրները եւ մարդոց եղունգները նոյն նիւթէն կազմուած են:

– Աղի ջուրի կոկորդիլոսը կրնայ իր բերանը բաց պահել, որպէսզի իր ուղեղը զով մնայ:

– Էֆֆէլ աշտարակը ներկելը կը սպառէ 65 թոն ներկ:

– Թայլանտի մէջ մարդիկ ջուրի կռիւներ կ՛ընեն Նոր տարին տօնելու համար:

– Անթարքթիքայի մէջ 55 միլիոն տարիներ առաջ սառոյց չկար:

1406anhavadali-3

 

 

 

 

 

 

 

– Գոյութիւն ունի ձուկի տեսակ մը, արեւ ձուկը, որ իր կեանքին ընթացքին 60 միլիոն անգամ կը մեծնայ: Եթէ ուզենք բաղդատել, այս նոյն կշռոյթով եթէ մարդ արարածը աճի, համազօր կ՛ըլլայ մինչեւ չորս Թայթանիք նաւի):

– Ափրիկեան կարգ մը պաօպապ ծառեր 2000 տարեկան են:

– 1,305 երկար տափակ որդը ունի 60 աչքեր:

 

Երեխաներու Լացի Մրցում Ճափոնի Մէջ

Manga_sumoՃափոնի մէջ մարդիկ կը հաւատան, թէ լացող երեխայ մը առողջ կը մեծնայ: Այս պատճառով է, որ երեխաները կը մասնակցին մրցումներու, որոնց նպատակն է անոնց լացնել տալ, այդ ալ` ամէնէն բարձր ձայնով:

Տարբեր երկիրներու մէջ բարձր ձայնով լացող երեխայի մը պատկերը շատ նեղացուցիչ է: Սակայն Ճափոնի մէջ ասիկա շատ բնական է: Անոնք նոյնիսկ հաճելի եւ միտք հանդարտեցնող կրնան ըլլալ: Օրինակի համար, այդ մրցումներուն ընթացքին մրցումին վարիչը կը փորձէ մանուկները վախցնել անոնց վրայ պոռալով, կամ երբեմն մեծ տպաւորիչ սումօներ կը շալկեն այդ փոքրիկ երեխաները` նոյն արդիւնքը ստանալու համար:

Սակայն ինչո՞ւ այս բոլորը:

Այս երեխաները կը մասնակցին շատ յատուկ մրցումի մը: Այս մրցումը կը կազմակերպուի 400 տարիներէ ի վեր Թոքիոյի Սէնսօժի տաճարին մէջ, եւ կը փորձէ երեխաները լացնել ամէնէն բարձր ձայնով: Ինչո՞ւ: Որովհետեւ Ճափոնի մէջ ծնողները կը հաւատան, թէ երեխայի մը լացը առողջութեան նշան է: Երեխայ մը, որ շատ զօրաւոր կու լայ, առողջ պիտի մեծնայ: Հետեւաբար (գրեթէ) բոլոր միջոցները լաւ են անոնց լացնելու համար: Հանդիսատեսները ամէնէն բարձր ձայնով լացողը կը յայտարարեն յաղթական:

 

Ժամանց

Կրնա՞ս գտնել անտառին ընդմէջէն սկիւռին կտրած ճամբան:

Կրնա՞ս գտնել անտառին ընդմէջէն սկիւռին կտրած ճամբան:

Կրնա՞ս գտնել իրարու նմանող երկու պատկերները:

Կրնա՞ս գտնել իրարու նմանող երկու պատկերները:

Կրնա՞ս կէտերը իրարու միացնել գտնելու համար պահուած պատկերը:

Կրնա՞ս կէտերը իրարու միացնել գտնելու համար պահուած պատկերը:

Կրնա՞ս գտնել երկու թիթեռնիկներուն միջեւ գոյութիւն ունեցող 6 տարբերութիւնները:

Կրնա՞ս գտնել երկու թիթեռնիկներուն միջեւ գոյութիւն ունեցող 6 տարբերութիւնները:

Ներկէ թիւերուն հետեւելով, գտնելու համար պահուած պատկերը: 1.- դեղին, 2.- մութ կապոյտ, 3. բաց կանաչ, 4.- մութ կանաչ, 5.- բաց կապոյտ, 0.- ոչինչ:

Ներկէ թիւերուն հետեւելով, գտնելու համար պահուած պատկերը: 1.- դեղին, 2.- մութ կապոյտ, 3. բաց կանաչ, 4.- մութ կանաչ, 5.- բաց կապոյտ, 0.- ոչինչ:

 

 

 

Share this Article
CATEGORIES