Մեր Սուրբերը. Հռիփսիմեանք

ՇԱՀԱՆԴՈՒԽՏ

Mer-Sourpere_St-HripsimehՆերկայ օրերէն, 21-րդ դարէն մինչեւ Գ. դար երկարող կամուրջի մը վրայէն քալելու հրաշքը կը կատարուի կարծէք, երբ կը յիշուին մեր սրբուհիներէն ՀՌԻՓՍԻՄԵԱՆՔ:

Ինչպէ՞ս եւ ինչո՞ւ չեն մոռցուիր սուրբերը: Փաստն այն է, որ մինչեւ օրս չենք մոռցած զանոնք քրիստոնէական մեր հաւատքին համազօր երկիւղածութեամբ:

Պատմութիւնը կ՛ըսէ, թէ Հռիփսիմեանց կոյսերու խումբը Հայաստան եկած է Հռոմէն, ուր տակաւին հեթանոս կայսրութիւնը կ՛իշխէր: Հայաստան ընդունած ըլլալով քրիստոնէութիւնը` «իտալացի» կոյսերը եկած ու հասած են Հայաստան, Աստուած գիտէ թէ ինչպիսի՛ տառապանքներով, ցամաքային ճամբորդութեամբ:

Կարեւորը հիմա պատմութեամբ հետաքրքրուիլը չէ, այլ սուրբ աւանդութեան մը կապուած ըլլալը մեր ժողովուրդին, որ հետեւած է մեր եկեղեցւոյ հայրապետներուն յորդորներուն: Հայ  ժողովուրդը պահած է ուխտը, դարերէ ի վեր ջերմեռանդութեամբ պահպանած է հաւատքը, բայց` ոչ ցուցադրական եղանակով, այլ պարզապէս` ներանձնական, համաժողովրդային գիտակցութեամբ, հաւատքին ուժով: Պահած ենք անունը կոյս սրբուհի Հռիփսիմէի, որուն հիացած է մեր Տրդատ թագաւորը, բայց… Հեքիաթ չէ սա, այլ` վաւերագրուած հայոց պատմութիւն, որուն էջերը լեցուն են սուրբերու վարքերը ծանօթացնող երկերով:

Հռիփսիմէի անունին անմիջապէս կողքին կը տեսնենք սրբուհի Գայեանէն, Նունիա եւ Մանիա սրբուհիները:

Սրբուհի Հռիփսիմէն եղած է  ղեկավար դէմքը, որուն անունին տաճարներ կառուցած է հայուն հաւատքը: Գայեանէ կոյսին անունը եւս փառաւորուած է, ունինք գեղեցկուհի աղջիկներ մինչեւ օրս` Գայեանէ մկրտուած:

Ամենայն հայոց կաթողիկոս Վազգէն Ա.-ի հովուապետութեան առաջին տարիներէն իսկ Երեւանի մօտիկը գտնուող Սուրբ Հռիփսիմէ տաճարը վերանորոգուած է, կոյսին մասունքները` յայտնաբերուած: Ուխտավայրեր են Հռիփսիմէի եւ Գայեանէ կուսանաց նուիրուած տաճարները, ուրկէ կոյսին մասունքներ ունեցած ենք Լիբանանի մէջ, տեղադրուած` Պուրճ Համուտի Նոր Ատանա թաղամասի Սուրբ Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ: Տիրամօր անուան նուիրուած այս եկեղեցւոյ շուքին  տեղադրուած է խորանիկ մը, ուր քսան եւ աւելի տարիներէ ի վեր ամէն գարնան, մայիս-յունիս ամիսներուն կը յիշատակուին Հռիփսիմեանք, յատուկ հոգեշէն արարողութիւններով: Հոս չի մոռցուիր Հռիփսիմեանց կուսանաց յիշատակին ձօնուած բազմատուն շարականը, «Անձինք նուիրեալք»-ը, սրտազեղ յօրինուածքով:

 

Կոմիտաս կաթողիկոսին կողմէ Է. դարուն գրուած այս շարականը կը հնչէ մեր ականջներուն, կը նշանակէ, որ արժէքները չեն կորսուիր, ինչպէս որ ըսուած է` «Ճառագայթը չի թաղուիր»:

Աւանդութիւնը, երբ ունի անխախտ հիմք, կը շարունակուի, կը տեւէ դարէ դարէ, ինչպէս որ այս օրերուն, 9 յունիսէն մինչեւ 16 յունիս կը կատարուի Հռիփսիմեանց կուսանաց հաւատքի շաբաթը` ներկայութեամբ առաջնորդ սրբազան հօր, Շահէ եպս. Փանոսեանի, Լիբանանի հայոց թեմի քահանայից դասուն, քաղցրաբարբառ դպրաց դասերու եւ երգողներու: Թափօր կը հիւսուի բազմամարդ` Սուրբ Վարդանանց եկեղեցիէն մինչեւ Սրբոց Քառասնից Մանկանց եկեղեցի, սրբուհիներու մասունքով: Ուրբաթ եւ շաբաթ օրերը Սուրբ Աստուածածին եկեղեցին պիտի պատուէ հաւատացեալ ժողովուրդը` դարձեալ թափօրով, մասնակցութեամբ ՀՄԸՄ-ի փողերախումբին եւ սկաուտներուն: Երկուշաբթի լրումն է յիշատակի այս հոգեւոր հանդիսութեանց: Պիտի մատուցուի սուրբ եւ անմահ պատարագ: Հրաւիրուած է համայն հաւատացեալ ժողովուրդը:

Չարիքով լեցուած նորագոյն օրերուն, երբ մարդասպաններ աշխարհը կ՛աւերեն, սուրբերուն ուղղուած մեր աղօթքները վստահաբար տեղ պիտի հասնին, պիտի բախեն երկինքին դռները, որպէսզի փառաւորուի ճշմարտութիւնը, արդար արեգակը:

Աւանդութեամբ կ՛ապրի ժողովուրդ մը: Աւանդութեան գլխաւորը, մեր լեզուին հետ, մեր հաւատքն է: Ամուր կառչինք այս գանձերուն, որպէսզի ապրինք յաւէտ:

 

Share this Article
CATEGORIES